Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի ընտանիքը ուրախութեամբ հաղորդեց թէ կրթօճախի 200րդ տարեշրջանի ընթացաւարտներէն Ռոպէրթ Աթսուփ, որ արհեստավարժ ֆութպոլիստ է, չորս տարուայ համաձայնագիր մը ստորագրեց «Քասըմփաշա» ակումբին հետ։
Աթսուփ փոքր տարիքէն կը զբաղի ֆութպոլով։ Ան երկար տարիներ մարզուած է Ֆէնէրպահչէ ակումբի ենթակառոյցի համակարգի մէջ, ձեռք ձգելով փորձառութիւններ եւ հմտանալով որպէս խոստմնալից մարզիկ։ Աթսուփ 2023ին ընտրուած էր մինչեւ 17 տարեկաններու Թուրքիոյ ազգային խումբի անդամ, մասնակցելով երիտասարդական միջազգային մրցումներու եւ պատրաստական հաւաքներու։
Ծանօթ է որ «Քասըմփաշա» ակումբը կարեւոր տեղ կուտայ երիտասարդ մարզիկներու զարգացման։ Չորս տարուան համաձայնագիրը կը վկայէ, որ ակումբը երկարաժամկէտ վստահութիւն ունի երիտասարդ հայ ֆութպոլիստին հանդէպ։

