İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԴԷՄ ԴԱՏԸ ՆՈՐ ԴԱՏԱՒՈՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՒ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Հայ Եկեղեցւոյ վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներուն դէմ բացուած դատական գործը նոր դատաւորի մը յանձնուեցաւ։ »Դատալեքս« տեղեկատուական համակարգին համաձայն՝ գործը պիտի քննէ Արմաւիրի մարզի դատաւոր Սերժ Ռուշանեանը, որ նշանակուած է 2023-ին։ Նոր դատական նիստի թուականը տակաւին չէ հրապարակուած։

Գործը նախապէս քննելու համար նշանակուած դատաւոր Յակոբ Մանուկեան անցեալ շաբաթ հրաժարած էր քննութենէն։ Ան իր բացատրութեան մէջ նշած էր, թէ Փաստաբանական ակադեմիայի մէջ ուսման տարիներուն այս գործով Կաթողիկոսին փաստաբան Արա Զօհրապեան եղած է Փաստաբաններու պալատի նախագահը եւ անձամբ իրեն յանձնած է փաստաբանի արտօնագիրը։

Այդ հանգամանքը, ըստ դատաւորին, կրնար հանրութեան մօտ կասկած յառաջացնել իր անաչառութեան նկատմամբ, ուստի արդարադատութեան շահերէն մեկնելով հրաժարած է գործէն։

Յիշեցնենք, որ Կաթողիկոսը եւ վեց հոգեւորականները կը մեղադրուին դատական վճիռի կատարումը խոչընդոտելու յօդուածով։ Գործը կապուած է Գէորգ Սրբազանին շուրջ ստեղծուած իրաւական վէճին։ Մայր Աթոռը նախ պաշտօնազրկած, ապա կարգալոյծ ըրած էր զայն, մինչ դատարանը որոշած էր վերականգնել անոր եկեղեցական պաշտօնը։ Մայր Աթոռը դատարանի որոշումը չէր գործադրած՝ պնդելով, թէ եկեղեցական կարգապահական հարցերը դատարաններու իրաւասութեան չեն պատկանիր եւ կը վերաբերին Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան։

Քննչական մարմինները այս դիրքորոշումը կը մեկնաբանեն որպէս դատական վճիռի կատարման խոչընդոտում, իրողութիւն մը որ դարձած է ներկայ դատավարութեան առանցքային կէտը։

http://normarmara.com/120826lu.html