İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ՅԱԿՈԲ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ ԱՆՈՒՆՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻՆ ՍՊԱՆՆՈՒԵՑԱՒ ԻՐ ԴՐԱՑԻԻՆ ՁԵՌԱՄԲ

Պէյօղլուի ոստիկանութիւնը թաղի բնակարաններէն մէկուն մէջ մահացած գտաւ 64ամեայ հայաստանցի Յակոբ Տէյիրմենճեանը։ Հետաքննութիւնը սպասցնել չտուաւ դէպքի հանգամանքները պարզելու նպատակով։ Կարճ ժամանակ յետոյ յայտնի դարձաւ որ ոճիր մը տեղի ունեցած էր։ Տեղական մամուլի լուրերու համաձայն, ձերբակալուեցաւ Տէյիրմենճեանի դրացին՝ 45-ամեայ Մեհմետ Շերիֆ Թայըքը։

Դէպքը պատահած է 7 Օգոստոսին, Շէհիթ Մուհթար թաղամասին մէջ։ Ոճրագործ դրացին նախ ոստիկանութեան հաղորդած է թէ Յակոբ Տէյիրմենճեանի բնակարանէն տհաճ հոտ մը կը տարածուի։ Ահազանգի հետեւանքով դէպքի վայր հասած ոստիկանները բնակարանին մէջ գտած են Տէյիրմենճեանի մարմինը։

Դատաքննութեամբ Տէյիրմենճեանի պարանոցի շրջանին վրայ յայտնաբերուած են դանակի հարուածներու հետքեր։ Մարմինը տեղափոխուած է դատաբժշկական հիմնարկ՝ մահուան պատճառը ճշդելու համար։ Քննիչներու կասկածը ուղղուած է այն անձին վրայ, որ առաջին ահազանգը կատարած էր։ Մեհմէտ Շերիֆ Թայըքը ոստիկանութեան մէջ տուած ցուցմունքին ընթացքին նշած է, թէ իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցած է վարձակալական վէճ, եւ այդ պատճառով դանակահարած է Յակոբ Տէյիրմենճեանը։ Կասկածեալը ներկայացուած է դատարան եւ որոշուած է անոր կալանաւորումը։ Սպանութեան գործով դատաքննութիւնը կը շարունակուի։

http://normarmara.com/110826lu.html