İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՍԵՂԱՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԼՈՂԱՒԱԶԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 21 Օգոստոս 2026, ժամը 20.00-ին, այցելեց Գնալը Կղզիի Լողաւազանը, ուր հիւրընկալուեցաւ Փրօֆ. Տքթ. Էմրէ Պուրչքինի գլխաւորած Լողաւազանի Վարչութեան կողմէ։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Հանդիսութեան պատուոյ հիւրերն էին նաեւ Ստանպուլի Կուսակալ Տավուտ Կիւլ, պետական պաշտօնական անձնաւորութիւններ, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, քաղաքիս յարանուանութեանց, իսլամ եւ հրեայ հոգեւորականներ, համայնքայիս եւ քոյր եկեղեցիներու վարչութիւններէ հրաւիրեալներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ ու լողաւազանի վարչութեան անդամներ։

Յանուն վարչութեան ողջոյնի խօսք արտասանեց Փրօֆ. Տթք. Էմրէ Պուրչքին եւ շեշտը դրաւ բարեկամութեան ու համակեցութեան գաղափարներուն վրայ, որոնք հարստութիւններ են: Հարստութիւնը աւելի կը շեշտուի Կղզիներու վրայ: Այս պարագան շեշտելու նպատակով է, որ կազմակերպուելու սկսաւ սոյն հաւաքոյթը եւ արդէն աւանդական դարձաւ։ Լողաւազանի վարչութեան համար ուրախութիւն էր տեսնել, տարբեր համայնքներէ բարեկամներու ներկայութիւնը՝ գլխաւորութեամբ իրենց հոգեւոր առաջնորդներուն։

Սիրոյ սեղանին բացման առթիւ աղօթք արտասանեցին Պատրիարք Հայրը, Հրէից Խախամապետի փոխանորդը, եւ Կղզեաց Միւֆթին։

Յընթացս սեղանի իրենց սրտի խօսքը արտասանելու հրաւիրուեցաւ մեր Հոգեւոր Պետը եւ նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց այստեղ ներկայ ըլլալուն պատճառաւ եւ շնորկալութիւն յայտնեց բոլոր կազմակերպիչներուն, ապա ըսաւ թէ կեանքը գեղեցիկ է կղզիներու վրայ: Կեանքի նպատակը ոչ թէ ամէն օր աշխատիլ, այլ՝ հանգիստն է, ինչպէս էր դրախտի պարագային: Կղզիներն ալ այդպիսի, դրախտանման վայրեր են, ուր կ’ապրինք:

Փակման Խօսքը արտասանեց Ստանպուլի Կուսակալը եւ շեշտեց բազմամշակոյթ այս վայրին մէջ ապրելու կարեւորութիւնը։ Ան ըսաւ, որ փոխադարձ յարգանքի գիտակից ժողովուրդի մը զաւակներն ենք եւ ընդգծեց այսպէս ապրելու, տարբեր դաւանանքներու, տարբեր մշակոյթներու համակեցութեան կարեւորութիւնը։ Մեծայարգ Կուսակալը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն։

https://www.facebook.com/photo?fbid=1356241296712432&set=a.388050840198154