İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

REUTERS ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄԸ

«Reuters» գործակալութեան հրապարակումը կը կրէ՝ «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջնորդը դատարանի առջեւ․ կը խորանայ իշխանութիւն-եկեղեցի դիմակայութիւնը»: Հաղորդման հեղինակն է Լիւսի Փափաքրիսթօ: Ըստ հրապարակման՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ խորացող հակասութիւններուն նոր փուլը կը սկսի ուրբաթ (այսօր), երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. եւ վեց բարձրաստիճան եկեղեցականներ դատարանի առջեւ պիտի կանգնին։

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ 1999-էն ի վեր կը գլխաւորէ Հայ Առաքելական Եկեղեցին, մեղադրուած է այլ վեց հոգեւորականներու հետ միասին՝ քաղաքացիական դատարանի որոշումը չկատարելու համար։ Այդ որոշումը կը պահանջէր ժամանակաւորապէս վերականգնել լիազօրութիւնը եպիսկոպոսի մը, որուն եկեղեցական կարգը Եկեղեցին նախապէս վերցուցած էր։ Դատապարտուելու պարագային անոնք կրնան մինչեւ երկու տարի ազատազրկուիլ։

Այս դատավարութիւնը կը նկատուի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան դէմ մինչեւ այսօր բացուած ամենալուրջ իրաւական գործը։ Հայ Առաքելական Եկեղեցին Հայաստանի ամենաազդեցիկ հաստատութիւններէն մին է եւ իր արմատները կը հասնին մինչեւ 301 թուականը, երբ Հայաստան դարձաւ առաջին երկիրը, որ պետականօրէն ընդունեց քրիստոնէութիւնը։

Դատավարութիւնը կը կայանայ այն ժամանակ, երբ կառավարութեան եւ Եկեղեցւոյ միջեւ լարուածութիւնը շարունակ կը սաստկանայ։ Հակասութիւններու առանցքին են՝ վարչապետ Փաշինեանի քաղաքականութիւնը եւ անոր վարած խաղաղութեան բանակցութիւնները Ատրպէյճանի հետ, վերջին տասնամեակներու պատերազմներէն ետք։

Վերջին ընտրութիւններուն վերահաստատուած Փաշինեան կը վայելէ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը՝ Հայաստանը աւելի մօտեցնելու Արեւմուտքին եւ հեռացնելու Ռուսաստանի ազդեցութեան գօտիէն։ Սակայն, ընդդիմադիր քաղաքական ուժեր, եկեղեցականներ եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ կը պնդեն, որ կաթողիկոսին դէմ հետապնդումը քաղաքական շարժառիթ ունի եւ մաս կը կազմէ իշխանութեան քննադատներուն դէմ ճնշումներու աւելի լայն քաղաքականութեան։

«Իրաւունքներու պաշտպանութիւն՝ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան փաստաբան Աննա Մելիքեան յայտարարած է, որ դատավարութիւնը կը խախտէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ սահմանադրական անկախութիւնը։ «Ասիկա գործադիր իշխանութեան բացայայտ միջամտութիւնն է եկեղեցական գործերուն։ Հայաստանի դատական համակարգի անկախութեան վերաբերեալ արդէն լուրջ մտահոգութիւններ կան, իսկ քաղաքական զգայուն գործերու պարագային այդ մտահոգութիւնները աւելի կը խորանան», ըսած է ան։

Վարչապետի աշխատակազմը եւ դատախազութիւնը չեն արձագանգած «Reuters»ի մեկնաբանութեան խնդրանքին։ Փաշինեան, սակայն, բազմիցս կոչ ուղղած է Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, որպէսզի հրաժարի եւ առանց հրապարակային ապացոյցներ ներկայացնելու՝ Եկեղեցին մեղադրած է օտար ուժերու՝ մասնաւորաբար Ռուսաստանի շահերուն սպասարկելուն մէջ։ Եկեղեցին բացարձակապէս կը մերժէ այդ մեղադրանքները։

Եկեղեցական եւ քաղաքական հակամարտութիւնը կը գտնուի դատավարութեան հիմքին՝ (այժմ կարգալոյծ) Գէորգ Սարոյեան եպիսկոպոսի գործով։ Ան եկեղեցական կարգազրկման ենթարկուած էր՝ իր լիազօրութիւնները չարաշահելու եւ պարտականութիւնները անտեսելու մեղադրանքով։ Սարոյեան հրապարակաւ պահանջած էր Գարեգին Բ.-ի հրաժարականը եւ աջակցութիւն յայտնած՝ վարչապետ Փաշինեանին։

Երկու տարի առաջ Բագրատ Գալստանեան արքեպիսկոպոսը առաջնորդեց զանգուածային բողոքի ցոյցեր՝ Ատրպէյճանին կատարուած տարածքային զիջումներուն դէմ։ Ան ներկայիս տնային կալանքի տակ կը գտնուի եւ կը սպասէ իր դատավարութեան։ 

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ալ բազմիցս միացած է վարչապետի հրաժարականի պահանջներուն։

Երեւանի Տարածաշրջանային ժողովրդավարութեան եւ անվտանգութեան կեդրոնի տնօրէն Տիգրան Գրիգորեան կը կարծէ, թէ իշխանութիւնը Եկեղեցին սկսած է դիտել՝ որպէս քաղաքական սպառնալիք, որ կրնայ աջակցիլ ընդդիմութեան եւ այլ քաղաքական ուժերու։ Ան նաեւ կը նշէ, որ այս գործը կը տեղաւորուի ընտրովի արդարադատութեան ընդհանուր պատկերին վրայ, ուր ընդդիմադիր շարք մը գործիչներ ձերբակալուած են կամ պետական մարմիններ բռնագրաւած են անոնց ստացուածքը։

Անցեալ հոկտեմբերին նշանաւոր արքեպիսկոպոս մը երկու տարուան ազատազրկման դատապարտուեցաւ իշխանափոխութեան կոչ ըրած ըլլալու համար՝ մինչդեռ այլ քանի մը հոգեւորականներ նոյնանման մեղադրանքներով տակաւին կը սպասեն իրենց դատավարութեան: 

(Արեւմտահայերէնի թարգմանեց՝ Սագօ Արեան)

Երեւան,

https://www.jamanak.com/content/1/7-08-2026/46085?fbclid=IwY2xjawTjHxdwZG9mBWV4dG4DYWVtAjEwAGJyaWQRMURIUDc4eVc3UHBPdkowcVdzcnRjBmFwcF9pZBAyMjIwMzkxNzg4MjAwODkyAAEe-Vs81JZBqZByRympGJj6152AqYgCpGJ67YI-bC5Pp4Ytnk3zq7zodrzLdmg_aem_nwfHVfSG-0Fdgvl4D4PQIg