Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցին, որ տարիէ մը ի վեր նորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 7 Օգոստոս 2026, Ուրբաթ, ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Արարողութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Աթոռոյս միաբան հայրեր, քահանայից դասու անդամներ։ Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ Ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանի գլխաւորած Թաղային Խորհուրդի անդամները, ինչպէս նաեւ Պէյքոզի գաւառապետ Տքթ. Ֆաթիհ Իւրքմէզէր:
Ժամը 17.00-ին, եկեղեցւոյ մուտքին սկսաւ Դռնբացէքը, որմէ յետոյ ներկաներ մուտք գործեցին բարեզարդեալ եկեղեցին։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան հոգեւոր հայրերու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի։ Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ սատափազարդ աւագ խորանն ու քովնտի Ս. Սեղանները: Իսկ Ս. Աւազանը, պահարաններու Ս. Սեղանները եւ բեմը օծեց Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս.։
Քարոզեց մեր Հոգեւոր Պետը եւ խօսեցաւ եկեղեցւոյ երկարատեւ, սակայն յաջող նորոգութեան ու բարեզարդման մասին: Այս հանդիսութեամբ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Պէյքոզի այժմ հայաթափուած, սակայն ուխտատեղի դարձած Ս. Նիկողայոս Եկեղեցին։ Պատրիարք Հայրը գնահատեց տարուած բծախնդիր աշխատանքը ու փառք տուաւ օծման այս օրուան հասած ըլլալուն համար:
Իր խօսքերու աւարտին, մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեանը, Վարուժան Մաղաքեանի գլխաւորած Թաղային Խորհուրդը եւ յարակից մարմինները ու բարեզարդեալ եկեղեցւոյ կամարներուն տակ բարի ծառայութիւն մաղթեց բոլորին:
Ապա, Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ կանոնական երեկոյեան ժամերգութիւն։
Արարողութիւնը, իր աւարտին հասաւ, միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։
Յաւարտ եկեղեցական արարողութեան, պարտէզին մէջ պատուասիրութիւն տեղի ունեցաւ, որու ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ Թաղային Խորհուրդի յուշապնակները յանձնուեցան նորոգութեան բարերար հաստատութիւններուն ու անհատներուն եւ երախտաւորներուն` բարձր ճարտարագէտ Նազարէթ Պինաթլըին, ծրագրի համակարգող ճարտարագէտ Էրօլ Եիւմլիւյին, բարերար Ժանէթ Շիրինօղլուին, սատափագործ-վերականգնող Էրհան Թանեըլտըզին, Էմին Ալի Քոյունճուին եւ բարերար Ժիլպէր Ճինճիօղլուին:
Յառաջիկայ կիրակի նորաբաց եկեղեցւոյ մէջ անդրանիկ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը:
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

