İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԳՆԱԼԸԻ ՅՈՒՆԱՑ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ

Գնալը Կղզիի Յունաց Մեթամորֆոզիս (Այլակերպութիւն) Վանքին մէջ, 6 Օգոստոս 2026, Հինգշաբթի առաւօտ, Յոյն Եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի։ Տօնակատարութեան մասնակցեցաւ նաեւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ընկերակցութեամբ Կղզեաց քարոզիչ եւ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, Կղզեաց Թաղային Խորհուրդէն Թամար Նէրկիզի եւ Գարին Տէրողորմեաճեանի, Գարակէօզեան Տան Խնամակալութենէն Ատենապետ Արթին Քիլէճիի, Սարօ Պէնկլեանի, Սիմոն Քումրալի եւ կղզեբնակ համայնքային Արի Չօլաքի։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Երուսաղէմի Յունաց Պատրիարքութեան Ստանպուլի ներկայացուցիչը Տ. Նեկտարիոս Մեսրոպոլինը, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-էն ժամանած Յոյն բարձրաստիճան հիւրեր։

Արարողութեան մասնակցեցան Յունաց Վանքի ամառնային քամփի տնօրէն՝ Տիամանտի Քումվօբուլոսի առաջնորդած ուսուցիչներն ու աշակերտները, որոնք միաբերան արտասանեցին Տէրունական Աղօթքը։ Ապա, Պարթոլոմէոս Պատրիարք կատարեց խաղողօրհնութիւնը։

Քամփի աշակերտութիւնը երգեցին ժողովրդական երգեր եւ ներկայացուցին պարեր։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց տնօրէն Քումվօբուլոս եւ յայտնեց որ իրենց համար կրկին ուրախութիւն է վայելել երկու պատրիարքներու ներկայութիւնը։

Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը իր սրտի խօսք արտասանեց եւ շեշտեց, որ տալը աւելի լաւ է քան առնելը, ըստ Ս. Գրքին։ Մանկանց համար կատարուած այս առաքելութեան ոգին կը բխի այս պատգամէն։ Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց, որ Կազդուրման Կայանը երկրաշարժի մտահոգութեամբ ունի ամրակայման աշխատութեանց եւ այս պատճառաւ փակ է եւ Յունաց Վանքը, այս տարի եւս կը հիւրընկալէ մեր ժողովուրդի զաւակները։ Պատրիարք Հայրը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պարթոլոմէոս Պատրիարքին եւ արեւշատ օրեր մաղթեց։ Իր գնահատանքը յայտնեց նաեւ հայ մանկանց հիւրընկալութեան համար միջնորդութեան պաշտօնը կամաւորաբար ստանձնած Արի Չօլաքին։

Պարթոլոմէոս Պատրիարք խօսք ուղղեց ներկաներուն եւ ողջունելով հիւրերը, շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց Պատրիարքին եւ պատուիրակութեան անդամներուն։ Մաղթեց, որ տարիներ շարունակ քամփը շարունակէ իր առաքելութիւնը, միացնելով բազմաթիւ ընտանիքներ։

Յայտագրի աւարտին վանքի ճաշասրահին մէջ պաշտօնական ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ։

Ինչպէս ծանօթ է, Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի հսկողութեամբ, Յունաց Քամփի տնօրէնութեան եւ Արի Չօլագի համագործակցութեամբ, հայ մանուկներ Գնալը Կղզի կը փութան 11-20 Օգոստոսի միջեւ եւ կը հիւրընկալուին Յունաց Քամփին մէջ։ Կղզեաց Թաղային Խորհուրդն ու Կազդուրման Կայանը եւս իրենց ներդրումը կը բերեն այս շաբթուան ընթացքին կատարելի ծրագիրներուն։ Բաց աստի

մանկանց ուղղեալ այս առաքելութեան համար գլխաւոր բարերարութիւնը ստանձնած է Արետ-Մոնիք Երկանեան ամոլը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad