İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏԽՈՒՐ, ԲԱՅՑ ԻՐԱՒ… Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԻ ԱՆՄԵՌ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Գրեց՝ ԺԱԳԼԻՆ ԷՐՄԷՆ

Ամէն տարի, Յուլիսին վերջին շաբաթը, անուշ զգացում մը, կը տոգորէ հոգիս։ 4 Օգոստոսը կը մօտենայ եւ «Յուշատետր»Եերու տարեդարձն է…։ Գոնէ տարին անգամ մը համեստ գրիչովս, կարենամ յայտնել այն զգացումները, երախտիքն ու յարգանքը զոր կը տածեմ անոնց հեղինակին, մեր մեծ վարպետին նկատմամբ։

Աւա՜ղ, այս տարի, ո՛չ եւս է մեր բոլորին սիրելի Պրն. Ռոպէրը։ Սակայն «Մարմարա»ի առաջին էջին աջ անկիւնը միշտ կայ ու պիտի մնայ «Յուշատետրը»։ Մենք, կարծէ՛ք նոր եռանդով դարձեալ կը կարդանք այդ անմահական տողերը։ Անգամ մը եւս կը հաղորդուինք Հատտէճեանի անմար գրիչով։ Անոր առատագիր, բազմաբեղուն, ինքնադրոշմ ուժով։ Անփոխարինելի, դափնեկիր մեծ վարպետ, երբեք ու երբեք պիտի չնուազին, պիտի չպակսին այն զգացումները, համակրանքն ու սէրը ձեզի նկատմամբ, անոնք միշտ վառ պիտի մնան մեր հոգիներուն մէջ։

Պահ մը հետադարձ ակնարկ մը կը թողում, անցնող երանելի տարիներուն։ Կը յիշեմ որ, Մխիթարեան Սանուց Միութեան բեմէն, որպէս այդ օրուան «Գիրքի շնորհանդէս»ի հանդիսավարը, մեծ խանդավառութեամբ կ’ըսէի. «Այս գիշեր, այս նուիրական երդիքին տակ, պիտի մեծարենք, Իսթանպուլահայ գրական անդաստանի անխոնջ մշակներէն մէկը, յանձինս՝ Ռ. Հատտէճեանի։

Աւա՜ղ, որբացաւ Իսթանպուլահայ գրական անդաստանը։ Մեր պաշտելի մեծ վարպետները, խոնարհ, համեստ, ազնիւ հոգիները, մեր տիպ ու տառերուն նուիրեալ, հաւատարիմ պահակները, վաստակաւոր գրչի մշակները, անշահախնդիր ծառաները մեր մայրենիին սիրահարները… անվերադարձ գացին, մեզ որբ թողուցին…։

Տերեւաթափը մեզմէ խլեց, շատեր ու շատեր։ Վերջին անգամ՝ Տօքթ. Իգնան…։

Ռ. Հատտէճեանի, «Պտոյտ մը հայ գրականութեան պարտէզին մէջ» հատորին, վերջաբանը սապէս է։

«Կը փափաքիմ որ ամէն Կիրակի, Ս. Պատարագի ընթացքին, պատարագիչը ըսէր «Տէր, փրկէ՛, ազգս հայոց եւ պահէ պահպանէ գրականութեան պարտէզը ազգիս հայոց»։

Եկէք, երկիւղածութեամբ կրկնենք այս աղօթքը բայց, բայց, ափսո՜ս որ յուսալքած ենք, անյոյս ենք։ Դժբախտաբար, նոր սերմեր չեն ցանուած այդ պարտէզի ածուներուն մէջ, հրաշքի համազօր ուժի մը կը կարօտինք վերականգնելու համար. «Իսթանպուլահայ գրական անդաստանը»։

Երա՜նի մեզի, որ ժամանակակից եղանք՝ Հատտէճեանի, Խրախունիի, Շիկահերի, Զահրատի, Կոպէլեանի, Սարըասլանի եւ ուրիշներուն։

Խունկ ու աղօթք, անոնց անթառամ յիշատակին։

Լոյսերու մէջ ննջեն։

Կ’ուզեմ հետեւեալ տողերով վերջացնել.

Զարեհ Խրախունի կ’ըսէ.

«Վարդաթուփեր, վերընձիւղած գերեզմաններ վարդայեռ

Վարդաբնակ քու էութեանդ յիշատակին վարդագեղ

Վարդախոցիկ սրտէս քեզի, ահա փունջ մը վարդ»։

https://www.normarmara.com/040826lu.html