İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ»՝ ՈՐԲ… ԲԱՅՑ ՈՉ ԼՔԵԱԼ ՍԻՒՆԱԿ ՄԸ

Գրեց ՆԱԻՐԱ ՄԿՐՏՉԵԱՆ ՍԻՒԶՄԷ

Որբ…։ Այս միակ բառը բաւարար է նկարագրելու այս տարուան 4 Օգոստոսը։ 

Որբ… որովհետեւ առաջին անգամ «Յուշատետր» սիւնակի տարեդարձը կը դիմաւորենք առանց անոր հեղինակի երկրային ներկայութեան։ Միաժամանակ նոյնքան ճիշդ պիտի չըլլար նաեւ եթէ ըսէինք՝ լքեալ սիւնակ մը, որովհետեւ մահը երբեմն կարգ մը մարդիկը միայն իրենց մարմինէ՛ն կը հեռացնէ, իսկ խօսքը կը շարունակէ ապրիլ, կը շարունակէ մտածել տալ, կը շարունակէ ամէն առտու, ցերեկ կամ գիշեր դուռը թակել ընթերցողին։

Ահաւասիկ, այդպիսի ներկայութիւն է հանգուցեալ մեր խմբագրապետը՝ Ռոպէր Հատտէճեան։ 

4 Օգոստոս 1981ին, երբ «Յուշատետր» անունով համեստ սիւնակը առաջին անգամ իր տեղը գրաւեց «Մարմարա»ի առաջին էջին վրայ, թերեւս ո՛չ ոք կրնար գուշակել, թէ անիկա պիտի դառնար արեւմտահայ մամուլի ամենաերկարակեաց եւ ամենասիրուած ամենօրեայ գրական ժամադրութիւններէն մէկը։ Մինչդեռ, տասնամեակներ շարունակ հազարաւոր ընթերցողներ իրենց առօրեան լեցուցին «Յուշատետր»էն ստացած աւիշով։

«Յուշատետր»ը երբեք օրագրութիւն մը չէր։

Ոչ ալ սովորական խմբագրական։

Գրական զրոյց մըն էր ընթերցողին հետ, որու «ուսուցիչ»ը չէր դասաւանդեր, բայց կը սորվեցնէր, չէր քարոզեր, բայց կը դաստիրակէր, չէր պարտադրէր, բայց մտածելու կը մղեր։ Ահաւասիկ ա՛յս էր ու է՛ «Յուշատետր»ի մեծագոյն գաղտնիքը։ «Յուշատետր»ի յօդուածները կը գրուէին ո՛չ թէ թերթը, այլ ընթերցողի ներսիդին լեցնելու համար։

Այսօր Վարպետը ֆիզիքապէս մեզի հետ չէ։ Բայց ամէն անգամ, երբ կը բանանք «Յուշատետր»ի հին էջերէն մէկը, ան դարձեալ կը նստի մեր դիմաց։

Զարմանալի է այս երեւոյթը։

Տասնամեակներ առաջ գրուած տող մը այսօր ալ կը խօսի մեր ժամանակին մասին, հաստատելով որ կարծես «Յուշատետր»ի իմաստուն հեղինակը ժամանակին մէջ չէր ապրեր, այլ ժամանակն էր որ կ’ապրէր իր բեղուն գրիչին մէջ։ Ահա թէ ինչու «Յուշատետր»ը երբեք չի հիննար։ Անոր նիւթը մարդն է։ Իսկ մարդը կը մնայ նոյնը։

Այս տարի «Յուշատետր»ը որբ է։

Բայց այդ որբութիւնը նաեւ պարտաւորութիւն մըն է։

Ան մեզ կը կանչէ, որ չմոռնանք, թէ հայերէնը միայն խօսելու լեզու չէ… ապրելու կերպ մըն է։

Մտածելու ձեւ մըն է։

Խղճի ձայն մըն է։

Ռոպէր Հատտէճեան մեզի չձգեց միայն հարիւրաւոր գիրքեր։ Մեզի ձգեց սովորութիւն մը… ամէն օր հայերէն մտածելու սովորութիւնը, ամէն օր մարդ մնալու սովորութիւնը։

Եւ թերեւս ասիկա է իր ամենամեծ ժառանգութիւնը։

Այսօր, 4 Օգոստոսին, «Յուշատետր»ը կը դառնայ քառասունըհինգ տարեկան եւ քանի դեռ սիւնակը կը շարունակէ բացուիլ ամէն առտու, Ռոպէր Հատտէճեանը չի լքեր իր ընթերցողը, որովհետեւ կան գրիչներ, որոնց կեանքը չ’աւարտիր իրենց հեղինակի մահուան հետ։ Անոնք կը շարունակեն շնչել՝ իբրեւ ժողովուրդի յիշողութիւն։

Իբրեւ շարունակուող ներկայութիւն։ 

https://www.normarmara.com/040826lu.html