Շաբաթավերջին Գնալը կղզիին մէջ հերթական անգամ կազմակերպուեցաւ Շիշլի մարզական ակումբի աւանդական քայլարշաւը, որ տարուէ տարի աւելի մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ, համախմբելով մեծաթիւ անձեր։ Անոնց միջեւ կը գտնուին գործիչներ, որոնք գործօն մասնակցութիւն կը բերեն համայնքային կեանքին։
Շաբաթ առտու, մասնակիցները շրջեցան կղզիին զանազան հատուածներով՝ բարեկամական եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, իսկ նախաձեռնութիւնը առիթ հանդիսացաւ որպէսզի զանազան հաստատութիւններու ներկայացուցիչները մէկտեղուին «գործէ դուրս»։
Քայլարշաւը կ’առաջնորդէր Պատրիարք Հայրը, որ իր գնահատանքը յայտնեց կազմակերպիչներուն՝ նման նախաձեռնութիւնները շարունակական դարձնելու, ինչպէս նաեւ բոլոր մասնակիցներուն՝ իրենց աշխոյժ մասնակցութեան համար։
Քայլարշաւը աւարտին հասաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրին մէջ, ուր մասնակիցները համախմբուեցան եղբայրական նախաճաշի շուրջ։

Լուսանկարներ ՄՈՒՐԱՏ ԷԶԷՐ

