Յուլիս 20-ին, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահի հրաւէրով, Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչը Վատիկանի մօտ, մասնակցեցաւ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներուն, որոնք այս տարի համընկան նաեւ Հիմնարկութեան հաստատման 70-ամեակին հետ։
Օրուան ընթացքին, Հիմնարկութեան տնօրէններու խորհուրդի անդամներն ու աշխատակազմը, Սրբազան Հօր ընկերակցութեամբ, յարգանքի տուրք մատուցին Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի կիսանդրիին առջեւ։ Ապա ներկաները մասնակցեցան Հիմնարկութեան մօտ գտնուող կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագին՝ ի յիշատակ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի։
Պատարագի աւարտին, Խաժակ Սրբազանը իր հոգեւոր պատգամին մէջ անդրադարձաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթական ժառանգութեան եւ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի կեանքին ու ծառայութեան։ Ան, մէջբերելով Նարեկացիի խորախորհուրդ խօսքը՝ «Ձա՜յն հառաչանաց հեծութեան ողբոց սրտից աղաղակի Քեզ վերընծայեմ», ընդգծեց, թէ՝ «Աստուծոյ առջեւ մենք կու գանք ոչ միայն մեր յաջողութիւններով կամ ուժով, այլ մեր սրտերու ճշմարտութեամբ՝ գոհութեամբ եւ տխրութեամբ, յոյսով եւ տկարութեամբ, եւ երբ այս բոլորը կը մատուցուին Աստուծոյ, աղօթք կը դառնան»։
Սրբազանը իր խօսքին մէջ նաեւ շեշտեց, որ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին մեզի կը սորվեցնէ, թէ «իսկական հաւատքը չի խուսափիր տառապանքէն կամ մարդկային տկարութենէն, այլ զանոնք կը բերէ Աստուծոյ լոյսին ներքեւ»։ Այս միտքէն մեկնելով՝ ան Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի յիշատակը ներկայացուց որպէս կեանքի մը վկայութիւն, ուր շնորհքները եւ կարելիութիւնները վերածուած են ծառայութեան եւ բարիքի։
Անդրադառնալով մեծ բարերարին կեանքին՝ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան ըսաւ. «Ան եւս հայ ժողովուրդի զաւակ մըն էր, եւ իրեն տրուած շնորհքները՝ միտքը, հեռատեսութիւնը, ազդեցութիւնը եւ նիւթական կարողութիւնը, չընկալեց միայն որպէս անձնական առանձնաշնորհում, այլ՝ որպէս միջոց աւելի մեծ բարիքի ծառայելու»։ Ան աւելցուց, թէ Գալուստ Կիւլպէնկեան հասկցած էր, որ «տաղանդը պատասխանատուութիւն կը բերէ, հարստութիւնը՝ հոգատարութիւն, եւ տեսիլքը իր ճշմարիտ ազնուութիւնը կը գտնէ ծառայութեան մէջ»։
Սրբազանը նաեւ ընդգծեց այն հոգեւոր ընդհանրութիւնը, որ գոյութիւն ունի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի եւ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի վկայութիւններուն միջեւ, ըսելով. «Նարեկացին Աստուծոյ մատուց իր սրտին հառաչանքները աղօթքի մէջ, մինչ Կիւլպէնկեան իր կեանքին պտուղները մատուց ծառայութեան մէջ»։ Այս երկու տարբեր վկայութիւնները, ըստ անոր, միասնաբար կը յիշեցնեն, թէ «կեանքը իրապէս մեծ կը դառնայ, երբ չփակուի իր ունեցածին մէջ, այլ ընծայ դառնայ՝ Աստուծոյ եւ ուրիշներուն համար»։
Վերջաւորութեան, Հայ Եկեղեցւոյ աւանդական աղօթքով ոգեկոչուեցան Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանը եւ Կիւլպէնկեան ընտանիքի բոլոր հանգուցեալ անդամները։
Այնուհետեւ, Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան մասնակցեցաւ Հիմնարկութեան մէջ կազմակերպուած ճաշին։
Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն այցելութեան ընթացքին, Խաժակ Սրբազանը հանդիպում ունեցաւ Հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի տնօրէն Տօքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի հետ։ Անոնք մտերմիկ մթնոլորտի մէջ զրուցեցին Հիմնարկութեան հայանպաստ առաքելութեան, ինչպէս նաեւ ներկայ եւ ապագայ ծրագիրներուն շուրջ։
Սւելցնենք նաեւ, որ Յուլիս 20-ին, Տօքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի ընկերակցութեամբ, Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան այցելեց վերանորոգուած եւ վերակազմակերպուած Կիւլպէնկեան թանգարանը։ Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ մօտէն ծանօթանալու թանգարանի նոր դասաւորման եւ հարուստ հաւաքածոյին, որ կը նկատուի միջազգային մշակութային արժէք ներկայացնող բացառիկ գանձարան մը։ Թանգարանի հաւաքածոն կը ներառէ հնագոյն Եգիպտոսի, Միջագետքի, իսլամական արուեստի, ինչպէս նաեւ եւրոպական գեղարուեստի տարբեր դարաշրջաններու արժէքաւոր նմոյշներ։ Այս հաւաքածոն, իր լայն ընդգրկումով եւ բարձր ճաշակով, կը վկայէ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի նուրբ գեղագիտական ընկալումին եւ համամարդկային մշակոյթի հանդէպ ունեցած խոր նուիրումին մասին։
Նաեւ, շաբաթ, Յուլիս 18-ին, Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան, Տօքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի հրաւէրով, մասնակցեցաւ Հիմնարկութեան 70-ամեակին նուիրուած փառաւոր համերգին, որ տեղի ունեցաւ Հիմնարկութեան գեղակերտ համերգասրահին մէջ։
Այս յիշատակի առիթը եւս մէկ անգամ դարձաւ երախտագիտութեամբ ոգեկոչելու Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի մնայուն ժառանգութիւնը եւ այն լայնածիր առաքելութիւնը, զոր կը շարունակէ իրականացնել Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը՝ մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան եւ մարդասիրական ծառայութեան բնագաւառներէն ներս։
Աղբիւր։ Pontifical Legation Western Europe https://www.facebook.com/pontificallegation.westerneurope.9

