Այս շաբաթավերջին Գումգաբուի Աթոռանիստ Սուրբ Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ «Պէզճեան Ամիրա» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում մը, որ կարեւոր նշանակութիւն ունի մեր համայնքի կրթական կեանքին համար։
Կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թէքին պիտի մէկտեղուի վարժարաններու հիմնադիր հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական պատասխանատուներու եւ տնօրէն-տնօրէնուհիներուն հետ՝ օրակարգի բերելով հայկական դպրոցներու խնդիրները եւ քննարկելով անոնց լուծման վերաբերեալ առաջարկներ։
Հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքները կատարուեցան երէկ՝ 20 Յուլիսի յետմիջօրէին, դարձեալ Գումգաբուի մէջ։ Մեր ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, ԷՐՎԱՊ-ի Կրթական յանձնախումբին հրաւէրով գումարուած խորհրդակցութեան մասնակցեցան Թաղային Խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, դպրոցներու հիմնադիրներ եւ հիմնադրի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ տնօրէններ։
Խորհրդակցական բնոյթով ժողովի ընթացքին ճշդուեցան հանդիպման կազմակերպչական եւ արարողակարգային մանրամասնութիւնները, որոշուեցաւ, թէ ո՛վքեր պիտի արտայայտուին Նախարարին առջեւ, նաեւ վերջնական տեսքի բերուեցան այն հիմնական հարցերն ու պահանջները, որոնք պիտի ներկայացուին Նախարարութեան ուշադրութեան։
Կ’ակնկալուի, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուին մասնաւորաբար փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն առնչակից վարչական, կրթական եւ օրէնսդրական հարցեր, ինչպէս նաեւ դժուարութիւններ, որոնց մասին յաճախ ձայն կը բարձրանայ վերջին տարիներուն եւ որոնք կը վերաբերին հայկական կրթական հաստատութիւններու բնականոն գործունէութեան։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»-ն, ինչպէս միշտ, մօտէն պիտի հետեւի այս հանդիպման եւ ընթերցողներուն պիտի ներկայացնէ մանրամասն տեղեկութիւններ՝ քննարկուած հարցերու եւ արդիւնքներու մասին։
https://www.facebook.com/photo?fbid=953170844409663&set=a.135021036224652

