Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 5 Յուլիս 2026, Կիրակի առաւօտ, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութեանց։
Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ քարոզիչ եւ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ, ուրարակիրներ եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան Դպրաց Դասու կողմէ, ղեկավարութեամբ Բրշ. Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլուի։
Տէրունական Աղօթքէն առաջ Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց «Անոնց ուտելիքը դուք տուէք» (Մատթ. 14.16) բնաբանով եւ պատմեց երկու ձուկով եւ հինգ հացով հինգ հազար հոգիի կերակրումի հրաշքը: Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ, որ իր բնաբան ընտրած նախադասութիւնն է, որ մարդ արարածի սրտին ու խղճին մէջ կը հնչէ ամէն առթիւ: Հարցը այն է, որ մենք ականջ կու տա՞նք եւ ուտելիք կու տա՞նք ուրիշներուն, պէտք ունեցողին, չքաւորին: Նորին Ամենապատուութիւնը կոչ ուղղեց իւրաքանչիւրին օգնելու, օժանդակելու մեր կարօտեալ եղբայրներուն եւ քոյրերուն: Մեր Հոգեւոր Պետը ընդգծեց կարեւորութիւնը այս մասին աշխատելու եւ աշխատողներու, որոնց անմիջական պէտքը ունինք մենք: Այս մէկը Աստուծոյ խօսքն ու կոչն է, որ կը հնչէ մեզի Աւետարանին մէջէն:
Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեանի աշխատանքները եւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. կարդաց Լեւոն Շատեանի ուղղեալ օրհնութեան գիրը, որու աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը կ’ըսէ. «Մենք, որպէս առաջին սպասաւորը մեր համայնքին, հոգեւոր ուրախութեամբ կը նկատենք Ձեր անձին նկատմամբ սնուցուած անվերապահ սէրն ու յարգանքի զգացումը, գոհունակութեամբ կ՚ընդառաջենք եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ.ի, Թաղային Խորհուրդի անդամոց եւ Ներսէսեան Դպրաց Դասու Տնօրէն Խորհուրդի խնդրանքներուն, եւ կը շնորհենք սոյն օրհնութեան գիրը կցելով Մեր աղօթքները…»:
Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ պաշտօն, ի հանգիստ հոգւոյն Սօնա Լազօղլուի։ Եկեղեցական արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ:
Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/1684812989836705 եւ https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/2167842010453379 ):
Կրօնական արարողութենէ յետոյ եկեղեցւոյ պարտէզը տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

