İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 26 Յունիս 2026, Ուրբաթ , ընդունեց Կեդրոնական Սանուց Միութեան նորընտիր վարչութեան անդամները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Տայք Տանձիկեանի։

Այցելուները մեր Հոգեւոր Պետին ներկայացան որպէս նորընտիր վարչութիւն եւ տեղեկութիւններ տուին Միութեան գործունէութեան եւ ծրագիրներուն մասին։

Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար, գնահատեց Միութիւնն ու իր աշխատանքները, ընդգծեց մեր սանուց միութեանց կարեւորութիւնը համայնքային կեանքէն ներս։ Նորին Ամենապատուութիւնը հայրաբար խորհուրդներ տուաւ հիւրերուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց ծրագիրներուն մասին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad