Երէկ, 24 Յունիսի կէսօրին, խմբագրատանս երդիքին տակ հիւրընկալեցինք հայերէնի ուսուցիչներ Լիլիթ Պօղոսեան-Հանճըն, Հերա Իսքէնտէրօղլուն եւ գծագրութեան ուսուցիչ Վահրամ-Վոլքան Եարըճըն, որոնք հանդիպում մը ունեցան մեր հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեանի հետ։ Այցելութիւնը նպատակ մը ունէր. ներկայացնել մշակութային ու կրթական նոր նախաձեռնութիւն մը, որ կը միտի նոր շունչ մը հաղորդել արեւմտահայերէնի պահպանութեան եւ տարածման աշխատանքներուն։
Զրոյցը կայացաւ մտերմիկ մթնոլորտին մէջ։ Կրթական մշակները խօսեցան իրենց նախաձեռնութեան մասին, որ կեանքի պիտի կոչուի համայնքային վարժարաններու աշակերտներու, ուսուցիչներու, մշակութային գործիչներու եւ զանազան շրջանակներու մասնակցութեամբ։ Նախաձեռնութեան հիմնական նպատակն է վերարժեւորել արեւմտահայերէնը՝ ստեղծագործական գրութիւնը եւ լեզուական ժառանգութիւնը՝ զանոնք մօտեցնելով նոր սերունդներուն։
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ այն մարտահրաւէրներուն, որոնք ներկայիս ցցուած են արեւմտահայերէնի առջեւ։ Նշուեցաւ, որ թուային աշխարհի արագ զարգացումը, առօրեայի սովորութիւններու փոփոխութիւնը եւ լեզուի գործածութեան սահմանափակումները հետզհետէ նուազեցուցած են ձեռագիր հայերէնի ներկայութիւնը երիտասարդներու կեանքին մէջ։ Այս իրականութեան դիմաց, նախաձեռնողները կը ձգտին ստեղծել այնպիսի միջավայր մը, ուր լեզուն պիտի ապրի ո՛չ միայն դասագիրքերու էջերուն մէջ, այլ նաեւ ստեղծագործ աշխատանքի, արուեստի, ընթերցանութեան եւ անհատական արտայայտութեան միջոցաւ։
Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ, որ ծրագիրը կը միտի դպրոցական միջավայրէն անդին տարածուելու եւ համայնքային շարժումի վերածուելու։ Նախատեսուած են կրթական եւ մշակութային աշխատանքներ, որոնց միջոցով աշակերտները պիտի առնչուին արեւմտահայ գրականութեան, արխիւային նիւթերու, գեղագրութեան եւ ստեղծագործ գրութեան հետ։ Միաժամանակ, ժամանակակից հաղորդակցական միջոցներու օգտագործումով, աշխատանքները պիտի հասնին նաեւ աւելի լայն շրջանակներու։
Այցելուները ուրախութեամբ տեղեկացուցին որ իրենց նախաձեռնութեան աշխատանքային խումբին մաս կազմած են նաեւ Հայաստանի յայտնի գծանկարիչ եւ արուեստաբան Լեւոն Լաճիկեանն ու այլ նուիրեալներ։
Նախաձեռնութեան մէջ …..
Շարունակութիւնը՝

