İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԻ «ԱՌԱՍՏԱՂ» ՎԷՊԻ ՄԱՍԻՆ ԶՐՈՅՑ ԵՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ «ՅԱՌԱՋ» ԱՇԽԱՏԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ»

Ծ. Խմբ.- Մեր հանգուցեալ խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի գրական ժառանգութիւնը կը շարունակէ հետաքրքրութիւն եւ արձագանգ ստեղծել զանազան շրջանակներու մէջ։ 20 Յունիսին Երեւանի «Յառաջ» արեւմտահայերէնի աշխատանոցին մէջ կայացաւ «Վէպ եւ զրոյց» գրական ակումբի առաջին հանդիպումը, որ նուիրուած էր անոր «Առաստաղ» վէպին։

Ուրախութեամբ արձանագրելով այս յաջող նախաձեռնութիւնը՝ շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Յառաջ» աշխատանոցի պատասխանատուներուն, «Վէպ եւ զրոյց» ծրագրի կազմակերպիչներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր մասնակիցներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ եւ արժէքաւոր դիտարկումներով յարգեցին Ռ. Հատտէճեանի յիշատակը եւ վերահաստատեցին անոր գրական ժառանգութեան արդիականութիւնը։

Միեւնոյն ժամանակ, գնահատանքով կ’արձանագրենք «Յառաջ արեւմտահայերէնի աշխատանոց»ին առաքելութիւնը, որ արեւմտահայ լեզուն, գիրքն ու մշակոյթը կենդանի պահելու, նոր սերունդներուն փոխանցելու եւ հայ ընթերցողը գրականութեան շուրջ համախմբելու նպատակով կը շարունակէ ստեղծել կենսունակ մշակութային ու կրթական հարթակներ։

Ստորեւ կը հրատարակենք «Առաստաղ»ի քննարկումի մասին «Յառաջ» աշխատանոցի լրատուութիւնը.-

***

Շաբաթ, 20 Յունիսի երեկոյեան, «Յառաջ» կեդրոնին մէջ, մեկնարկը տրուեցաւ «Վէպ եւ զրոյց» գրական ակումբին։ Առաջին քննարկումը նուիրուած էր՝ «Մարմարա» թերթի ողբացեալ խմբագրապետ, հրապարակագիր Ռ. Հատտէճեանի «Առաստաղ» վէպին։

Քննարկումին ներկայ էր 16 հոգի՝ Սփիւռքի տարբեր ծագերէն Հայաստան գտնուողներ եւ հայրենաբնակներ. ԱՄՆ, Փարիզ, Պոլիս, Հալէպ, Քեսապ, Պէյրութ, Արցախ, Երեւան…, իսկ եթէ աւելի խորանանք՝ Անճար, Ճիպին, Ուրֆա, Պիրէճիկ…։ Հաճելի էր լսել նախ բոլորի հայերէնի երանգները, ապա արծարծուած միտքերը Հատտէճեանի գրականութեան, մամուլին, Պոլսոյ կեանքին, Սփիւռքին, հայրենիքին եւ բազմաթիւ այլ նիւթերու շուրջ։ Այո, նիւթը ծաւալեցաւ եւ ընդգրկեց ամբողջ հայութիւնը, չէ՞ որ «Առաստաղ»-ը մե՛նք ենք։

Նախաձեռնութիւնը ակադեմական մակարդակի ուշադրութեան արժանացած էր։ Քննարկումը կը ղեկավարէր Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս, գրականագէտ, լեզուաբան, մատենագէտ Պրն. Յակոբ Չոլաքեանը, ներկայ էին նաեւ Սփիւռք գիտաուսումնական կեդրոնի պատասխանատու՝ Քնարիկ Աբրահամեանը եւ հայ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի մասնագէտ՝ Վեհանոյշ Մուրատեանը։ Արցախցի գրականագէտ Մանուշ Բալայեանը եւս ներկայ էր, ան Մանկավարժական համալսարանի մէջ պաշտպանած էր իր աւարտաճառը Հատտէճեանի գրականութեան մասին եւ համալսարանէն շրջանաւարտ, այժմ Նանսենի անուան ինստիտուտ-հիմնադրամի տնօրէնուհի՝ Հայարփի Խաչատրեանը։

Պրն. Չոլաքեան սկսաւ Հատտէճեանի մամլոյ ներդրումին անդրադառնալով, թէ ինչպէ՞ս «Մարմարա»-ն կը հասնէր Հալէպ եւ ինք կ’օգտագործէր Հատտէճեանի ակնարկները երբեմն դասերու ընթացքին ընթերցելով զանոնք եւ քաջալերելով աշակերտները գրելու։ Ապա յաւելեց, թէ պէտք չէ այս վէպին մէջ փնտռել նախաբան, բախում եւ վերջաբան, ինչպէս կ’ըլլան բոլոր վէպերուն մէջ, այս վէպը մէկ վայրի մէջ տեղի կ’ունենայ, աւելի հոգեբանական է, պէտք է ուշադիր կարդալ եւ մտնել հեղինակի հոգիին խորքը հասկնալու համար ամէն ըսուած եւ գրուած։

Զրոյցը ընթացաւ մերթ Հատտէճեանի կեանքին, մերթ գործունէութեան, մերթ «Առաստաղ»-ի ոճին, արժէքին, ընկալման, հոգեբանական ելեւէջներուն…։ Անդրադարձ կատարուեցաւ վէպին կարճ նախադասութիւններով յագեցած ըլլալուն, որուն պատճառը, ըստ քննարկումին, հեղինակին խմբագիր ըլլալու հանգամանքէն կու գայ եւ նաե՛ւ առիթ տալու ընթերցողին, որ պահ մը կանգնի եւ ընկալէ հոգեկան ելեւէջները, հասկնայ անանուն հերոսին հոգեբանութիւնը։

Պրն. Չոլաքեան քննարկման ընթացքին անդրադարձաւ վէպի ժանրին կատարելագործման մա՛նաւանդ ֆրանսահայ գրականութեան մէջ, իսկ օրինակ՝ ամերիկահայ գրականութեան մօտ աւելի կը գերիշխեն կարճ պատմուածքները, քան վէպերը։

Ներկաներէն իւրաքանչիւրը իր մասնակցութիւնը բերաւ տպաւորութեամբ մը, հատուածի մը ընթերցումով, երբեմն համեմատականներ հնչեցին այլ հեղինակներու հետ։ Պոլսահայը բացատրեց Ս. Փրկիչ հիւանդանոց մուտք գործելու կարգը եւ հիւանդներուն հոգատարութիւնը, ամերիկացին համեմատեց արեւելքը՝ արեւմուտքին, ոմանք անդրադարձան յարաբերականութեան նիւթին վէպին մէջ, կիներու նուիրուած հատուածներ կարդացուեցան, «Առաստաղ»-ը բառը բացատրուեցաւ մերթ հայրենիք, մերթ տուն, մերթ տանիք իմաստներով, պարզուեցաւ որ հեղինակը նաեւ ունի «Պատը» խորագրով ակնարկ մը, զոր գրած է իր հիւանդանոց գտնուած մէկ պահու ապրումներով, որ կրնայ նաեւ հիմք ծառայած ըլլալ վէպի նիւթին։

Վէպի աւարտին անդրադառնալով, ըսուեցաւ, որ այնպիսի անակնկալ աւարտ մը ունի, կարծես հոն է որ սկիզբ կ’առնէ վէպը շարունակուելու «Առաստաղէն անդին»-ին մէջ, ուր բոլորովին այլ միջավայր է։ Գաւառէն Պոլիս, Պոլիսէն Գանատա, երեք միջավայրեր, որոնք կը ներկայացնեն իւրաքանչիւր սփիւռքահայու պատմութիւնը՝ գաւառէն Սփիւռք ճանապարհը։

Երեկոն վերջացաւ պոլսահայ գրականութեան մասին անդրադարձով, թէ Խրախունի, Իգնա Սարըասլան, Հատտէճեան եւ այլք ո՛չ միայն իրենց գրականութեամբ անդրադարձած են եղեռնին, ժամանակակից Պոլսոյ հարցերուն, այլ նաեւ ապրեցուցած են զայն բիւրեղ արեւմտահայերէնով եւ հող պատրաստած գալիք սերունդներուն։ Պոլսահայ գրականութիւնը կ’ապրի եւ կան ժամանակակից խոստմնալից գրողներ։

https://www.normarmara.com/240626lu.html