ՎԱՐՍԷՆ ՕՐՈՒՆՃԱՔՃԸԷԼԻ ԱՆՈՒԱՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՂԾԵՑ
Գալֆաեան վարժարանի Խնամակալութիւնն ու Տնօրէնութիւնը միասնաբար նախընթաց օր, 17 Յունիսին կազմակերպեցին Վարսէն Օրունճաքճըէլի անուան 19րդ մարզական խրախճանքը, որ կայացաւ ոգեւոր մթնոլորտի մէջ։ Մրցումները իրականացան Աթագիւղի ողիմպիական մարզասրահին մէջ։ Վարժարանի հիմնադրութեան 160ամեակի առիթով, այս տարուայ խրախճանքին մասնակցութիւն բերին նաեւ հայկական լիսէներու ներկայացուցիչները։
Բացառիկ օրը համախմբեց շուրջ 500 աշակերտներ։ Գալֆաեան վարժարանի մարզանքի ուսուցիչ Հաքան Կիւնարթանի առաջնորդութեամբ, ձեռնարկին մասնակցեցան վարժարաններու խնամակալութեան անդամներ, ծնողներ եւ ուսուցիչներ։
Մրցումին ներկայ էին նաեւ Գալֆաեանի տնօրէնուհի օր. Թամար Ներկիս, Տիկին Մարգրիտ Աթմաճա եւ Խնամակալութեան ատենապետուհի Տիկին Թամար Գարասու-Մայօղլու։
Ինչպէս միշտ, այս տարի ալ ձեռնարկի բոլոր ծախսերը դիմագրաւուեցան վարժարանի վաղեմի բարերարուհի Տիկին Մարգրիտ Աթմաճայի կողմէ։

Մրցումներու աւարտին, ի յիշատակ այս օրուայ նախ Տիկին Մարգրիտ Աթմաճայի նուիրուեցաւ եռաչափ տարածութեամբ (3 տէ) պատկեր մը, զոր կը ցոլացնէր Աթմաճա ընտանիքն ու Գալֆաեան վարժարանը միատեղ։
Ապա մետայլներ յանձնուեցան բոլոր այն աշակերտներուն, որոնք առաջին երեք տեղերը գրաւած էին, իսկ մասնակից բոլոր սաները դպրոցի անունով ալ ստացան յուշատախտակներ։
Այս հաճելի եւ նոյնքան յոգնեցուցիչ մրցումներու աւարտին տղոց դէմքերուն վրայ կարելի էր նշմարել իրենց ստացած շքանշաններու ուրախութիւնը։
Դիտել տանք որ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան եւ Բժշկապետութեան կողմէ բժիշկներ ղրկուած էին՝ մրցումներու օրը պատահելիք հաւանական որեւէ դէպքի ընթացքին առաջին օգնութիւնը ցոյց տալու նպատակով։
Կը շնորհաւորենք մրցանակակիրները, բարերարուհի Մարգրիտ Աթմաճան եւ Գալֆաեան վարժարանի ընտանիքը։

