İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՐԷՏ ՉԱՂԼԸՉՈՒՊՈՒՔՃՈՒ. ՏԱՂԱՆԴ, ՈՐ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՊԱՅԾԱՌ ԱՊԱԳԱՅ

Պարէտ Չաղլըչուպուքճու……։ Հազիւ 18 տարեկան երիտասարդ մը։ Թերեւս դեռ չափահաս ալ չէ։ Սակայն երբ բեմ կը բարձրանայ, երբ կը նստի դաշնակին առջեւ, կարծես կը կերպարանափոխուի։ Երբ իր մատները կայծակնային արագութեամբ կը սահին ստեղնաշարին վրայ, ակամայ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, թէ տարիներու փորձառութեամբ միջազգային համբաւի տէր դաշնակահար մը կը դիտենք։

Բայց ան միշտ մեր Պարէտն է։ Մեր համայնքէն հասակ առած, շնորհալի, համեստ ու տաղանդաւոր երիտասարդը, որ երէկ, 17 Յունիսի երեկոյեան իր հերթական մենահամերգը ներկայացնելու համար բեմ բարձրացաւ Շիշլիի Ճեմիլ Ճանտաշ մշակոյթի կեդրոնի դահլիճին մէջ։

Երաժշտասէրներով լեցուն սրահին մէջ, Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր ներկայութեամբ, ան ստեղծեց երաժշտական այնպիսի մթնոլորտ, որ երկար պիտի մնայ ներկաներու յիշողութեան մէջ։ Իսկ անոնք, որոնք չկրցան ներկայ գտնուիլ, վստահաբար շատ բան կորսնցուցին։

Համերգի յայտագրին մէջ տեղ գտած էին դասական երաժշտութեան մեծ վարպետներու ստեղծագործութիւններ՝ Շոփէնի, Խաչատրեանի, Պեթհովէնի, Պրամսի, Բաբաջանեանի, Ռավէլի, Ֆազըլ Սայի եւ Սքրիապինի գործերէն։

Դասական երաժշտութեան աշխարհին մէջ կան ստեղծագործութիւններ, որոնք աւելի ծանօթ են եւ անմիջապէս կը շահին հանդիսատեսին համակրանքը։ Կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք կատարողէն կը պահանջեն բացառիկ երաժշտական հասունութիւն, բարձր արհեստավարժութիւն եւ բեմական վստահութիւն։ Պարէտի ընտրած յայտագիրը մեծ մասամբ այս երկրորդ տեսակին կը պատկանէր, եւ երիտասարդ դաշնակահարը բոլոր կտորներն ալ մեկնաբանեց բարձր վարպետութեամբ։

Ան ո՛չ միայն յաջողութեամբ յաղթահարեց նուագացանկի դժուարութիւնները, այլեւ կարողացաւ երաժշտութիւնը կենդանի կերպով փոխանցել հանդիսատեսին, աւարտին արժանանալով ջերմ եւ երկարատեւ ծափահարութիւններու։

Համերգին գեղեցիկ երանգ մը կու տար նաեւ այն հանգամանքը, որ իւրաքանչիւր կատարումէն առաջ Պարէտ կը ներկայացնէր նուագելիք ստեղծագործութիւնը՝ փոխանցելով հետաքրքրական տեղեկութիւններ հեղինակի եւ գործի մասին։ Այս ձեւով ան հանդիսատեսին հետ անմիջական կապ մը կը ստեղծէր եւ երաժշտական փորձառութիւնը կը դարձնէր աւելի ամբողջական։

Պարէտ Չաղլըչուպուքճուի ճանապարհը տակաւին սկիզբի փուլին մէջ է։ Սակայն արդէն իսկ կարելի է տեսնել, որ այդ ճանապարհը կը տանի դէպի յաջողութիւններով ու պատիւներով լեցուն ապագայ։ Իր տաղանդը, աշխատասիրութիւնը եւ երաժշտութեան հանդէպ ունեցած նուիրումը վստահութիւն կը ներշնչեն, որ ան դեռ բազմաթիւ բեմերու վրայ պիտի ներկայացնէ իր բարձրակարգ արուեստը։

Մենք ալ մեր կարգին կը մաղթենք, որ այս շնորհալի երիտասարդը շարունակէ իր վերելքը նոյն համեստութեամբ եւ հետեւողականութեամբ՝ աւելի լայն շրջանակներու մէջ հնչեցնելով իր անունը եւ հպարտութիւն պատճառելով ընտանիքին, հայ համայնքին ու հայ մշակոյթին։

ԱՐԻ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

https://www.normarmara.com/180626lu.html