Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը Կիրակի առաւօտ, 17 Մայիսին, հասաւ Հռոմ՝ հանդիպում ունենալու Նորին Սրբութիւն Լեւոն 14-րդ քահանայապետի հետ։
Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանին մէջ Նորին Սրբութիւնը դիմաւորելու ներկայ էր Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան՝ Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչը, Վատիկանի պաշտօնատարներու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութեան անդամներու ընկերակցութեամբ։ Պարսամեան Սրբազանի ներկայութիւնը օդակայանին մէջ կը ցոլացնէր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միասնականութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ գործակցութեան ոգին։
18 Մայիսի երեկոյեան, Քրիստոնէական միասնութեան խթանման բաժնի ղեկավար Նորին Վսեմութիւն կարդինալ Կուրտ Կոխի հրաւէրով, Խաժակ Արքեպիսկոպոս մասնակցեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ի պատիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքին։ Հանդիպումը ընդգծեց Սուրբ Աթոռի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ առկայ ջերմ յարաբերութիւններու ու միջեկեղեցական երկխօսութեան շարունակական զարգացումը։
19 Մայիսին, Քահանայապետական Արեւելեան Հիմնարկին մէջ, որ կը գործէ Քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանի հովանիին տակ, Արամ Վեհափառը հանդէս եկաւ հրապարակային դասախօսութեամբ՝ նուիրուած Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու առջեւ ցցուած մարտահրաւէրներուն։ Համալսարանի տեսուչի հրաւէրով դասախօսութեանը եւ ապա ճաշին՝ մասնակցեցաւ նաեւ Խաժակ Արքեպիսկոպոսը։
Խաժակ Արքեպիսկոպոս մասնակցեցաւ նաեւ Տոմուս Սանտա Մարտայի մէջ Նորին Սրբութիւն Արամ Ա-ի կողմէ կազմակերպուած ընթրիքին, որ նոյնպէս առիթ դարձաւ եղբայրական շփումներու ու մտքերու փոխանակման համար։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.-ի Հռոմ այցելութիւնը կարեւոր անկիւնադարձ մըն է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միջեւ խոր պատմական կապերուն։ Խաժակ Արք. Պարսամեանի մասնակցութիւնը այցելութեան կարգ մը միջոցառումներուն աւելի եւս ընդգծեց Սուրբ Աթոռի մէջ հայկական եկեղեցական ներկայացուցչութեան կարեւորութիւնը եւ միջեկեղեցական երկխօսութեան, բարեկամութեան ու գործակցութեան նկատմամբ տեւական յանձնառութիւնը։

