İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՂՕԹՔ՝ Ս. ՂԱԶԱՐ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Քրիստոնեաներու միութեան շաբթուան առիթով աղօթքի եզրափակում տեղի ունեցաւ Սուրբ Ղազար Մայրավանքի եկեղեցւոյ մէջ։ Արդարեւ, 25 Կիրակի Յունուար 2026ին, յետ միջօրէին, Վենետիկի միջ-եկեղեցական խորհուրդի կազմակերպութեամբ Ս. Ղազարու Մխիթարեան Միաբանութեան Մայրավանքի եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ հայածէս երեկոյեան ժամերգութիւն, որմէ ետք Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տոքթ. Եոհաննէս Ռուշքէի քարոզով եւ աղօթքով վերջացաւ աղօթական երեկոն։

https://www.facebook.com/photo/?fbid=812666671793415&set=a.135021036224652