Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի 27 Յունուար 2026 թուակիր որոշումով կարգալոյծ հռչակուեցաւ Գէորգ Եպս. Սարոյեան։ Կարգալուծութեան համար մասնաւորաբար պատճառ եղած են այն որ ան ընդդիմացած է Մասեացոտն թեմի Առաջնորդի պաշտօնէն ազատ արձակուելու եւ մայրավանք վերադառնալու վերաբերեալ Հայրապետական տնօրինութեան, խոչընդոտած է թեմի բնականոն գործունէութեան եւ դատարան դիմելով առիթ ու պայման ստեղծած է, որպէսզի իշխանութիւններու պատկան կառոյցները միջամտեն եկեղեցական ներքին կեանքին։
Հաղորդուած է որ Գէորգ Եպս. Սարոյեան իր կանոնական շեղումներով ու կարգազանց գործողութիւններով դրժած է հնազանդութեան ուխտը։
Կարգալոյծ եղած հոգեւորականը, ըստ Կաթողիկոսի որոշման կը դասուի աշխարհականներու շարքին՝ Արման Սարոյեան աւազանի անունով։
Միւս կողմէ, այս որոշման հրապարակումէն ետք կայծակնային արագութեամբ փոխադարձութիւններ հնչեցին Հայաստանի պետական աւագանիի կողմէ։ Ամենաբարձր մակարդակներով ա՛ռ ոչինչ նկատուեցաւ այս որոշումը։ Բացի Նիկոլ Փաշինեանէն, գրեթէ բոլոր պետական պաշտօնեաները գրառումներ ըրին ընկերային ցանցերու իրենց էջերուն վրայ կամ հանդէս եկան յայտարարութիւններով, պնդելով որ Գէորգ Սրբազան կը շարունակէ մնալ եպիսկոպոս ու թեմակալ Առաջնորդ։ «Կտրիճ Ներսիսեանը (իշխանութիւնները կը մերժեն արտաբերել Վեհափառի անունը եւ կը հնչեցնեն անոր աւազանի անունը) կաթողիկոս չէ, սովորական ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ է, Քա-Կէ-Պէի գործակալի եղբայր, հետեւաբար չի կրնար որեւէ որոշում կայացնել մաքրակենցաղ եւ իրական ոեւէ հոգեւորականի մասին», յայտարարեցին իշխանութեան ներկայացուցիչները։
https://www.facebook.com/photo?fbid=810972381962844&set=a.135021036224652

