İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՌՈՒԲԷՆ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ ԵԽԽՎ-Ի ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ

Վլատիմիր Վարդանեան՝ Կանոնակարգի յանձնաժողովի նախագահ

Երէկ, 26 Յունուարին, Սթրազպուրկի մէջ իր աշխատանքներուն ձեռնարկեց Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 30 Յունուար։

Այս առթիւ տեղի ունեցաւ ԵԽԽՎ-ի փոխնախագահի քուէարկութիւնը։ Այս տարի, իւրաքանչիւր տարուան նստաշրջանի սկիզբը ընտրուած 20 փոխնախագահներու շարքին է նաեւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան։ Լիագումար նստաշրջանի կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն են Մոլտաւիոյ նախագահ Մայա Սանտուի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց Նախարար Արարատ Միրզոյեանի ելոյթները։

Գալով միւս նշանակման։ Հայաստանի Ազգային Ժողովի պետաիրաւական յանձնաժողովի նախագահ, իրաւագէտ Վլատիմիր Վարդանեան ընտրուեցաւ ԵԽԽՎի Կանոնակարգի, բարոյագիտութեան եւ անձեռնմխելիութեան յանձնաժողովի նախագահ։

Այս յանձնաժողովը պատասխանատու է Վեհաժողովի կանոնակարգէն, լրամշակումէն, կ’արժեւորէ երեսփոխաններու բարոյագիտական վարքագիծը եւ կը քննէ անոնց անձեռնմխելիութեան հարցերը՝ հարկ եղած պարագային։ 

https://www.facebook.com/photo?fbid=810226418704107&set=a.135021036224652