Նախկին պոլսաբակ արուեստագիտուհի Պերթա Կիւվէն-Պասթաճը որ Նիսի մէջ հիմնած է «Ա.Զ.Ա.Թ.» թատերախումբը եւ որ անցեալ տարի քաղաքիս մէջ բեմ ելաւ մեր Խմբագրապետի «Մահը ա՞յս է արդեօք» մենախաղով, երէկ, 26 Յունուարին ուշագրաւ տեսանիւթ մը հրապարակեց ընկերային ցանցի իր էջին վրայ։ Հանդէս եկաւ Ռ. Հատտէճեանի «Աղօթք» անուն յուշատետրի տպապորիչ ընթերցումով, ինք եւս քաղաքէս հեռու, բայց սիրով մեզի հետ, ոգեկոչելով դարադարձի հանգրուանը։
Հատուած մը «Աղօթք»էն.
Տէ՜ր Աստուած, նայէ՛ անգամ մը ինծի։ Ի՞նչպէս կը տեսնես զիս, ի՞նչեր կը տեսնես իմ մէջ։ Նայէ՛ անգամ մը, որովհետեւ գիտեմ որ միայն Դո՛ւն ես որ կը տեսնես այն ինչ որ կայ մարդուս ներաշխարհին մէջ։ Նայէ՛ անգամ մը ինծի։ Ես հպարտօրէն կը բանամ ահա կուրծքս եւ կþուզեմ որ նայիս թէ ինչ կայ հոնկէ ներս։ Ո՛չ թէ միայն հպարտօրէն, այլ նաեւ անվախօրէն։ Այլ նաեւ ինքնավստահութեամբ։ Որովհետեւ ես ոչի՛նչ ունիմ թաքցնելիք։ Որքան ալ խօսիմ, որքան ալ աղօթեմ ամենագեղեցիկ բառերը ընտրելով, որքան ալ վախնամ կամ որքան ալ յոխորտամ իմ ունեցած կամ չունեցած առաքինութիւններով, Դուն զիս կը տեսնես այնպէս ինչպէս որ եմ։
https://www.facebook.com/photo?fbid=810225095370906&set=a.135021036224652

