İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Անժամանակ կորուստ

ՄԱՀ՝ ԿԵՆՍԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ ՏԻԳՐԻՍ ԹԱՇՔԸՐԱՆԻ

….

Համայնքի կրթական շրջանակները սուգի մէջ են։ Անժամանակ կերպով կեանքէն հեռացաւ երիտասարդ կրթական մշակ մը՝ Ս. Խաչ լիսէի եւ Կեդրոնական վարժարաններու կենսաբանութեան ուսուցչուհի Տիգրիս Թաշքըրան, ուղեղային կաթուածի (արնախռնում) հետեւանքով։ Ցաւալի դէպքը պատահեցաւ անցեալ շաբաթ, Երեքշաբթի, Ս. Խաչ լիսէի ուսուցչարանին մէջ։ Թէեւ անմիջապէս հիւանդանոց տեղափոխուեցաւ, գործողութեան առնուեցաւ, բայց յաջորդող օրերը դրական որեւէ զարգացում չբերին։ Մտաւ մահաքունի մէջ, իսկ Կիրակի գիշեր հրաժեշտ տուաւ կեանքին՝ տակաւին երիտասարդ, տակաւին բազմաթիւ երազանքներ ունենալով իր սրտին մէջ։

Կը վշտակցինք իր վշտահար քրոջ՝ Գարինին, քեռայրին, մեր սիրելի բարեկամ՝ Արտա Պաքլաճըօղլուին եւ որդւոյն՝ Մասիսի, ընտանեկան բոլոր պարագաներուն, այս ծանր կորուստի դէմ տոկալու համբերութիւն հայցելով Աստուծմէն։ 

https://www.normarmara.com/231225lu.html