«ԼՈՅՍԻ ԵՏԵՒԷՆ․ ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՔԱՄԵՐԱՄԱՆԻ ՍՈՒՐԱՉՔՈՎ»
Վարեց ՆԱԻՐԱ ՍԻՒԶՄԷ
ՆԱԽԱԲԱՆ
Տեսախցիկին ետին կանգած մարդը շատ յաճախ կը մնայ անտես, մինչդեռա՛ն է, որ կ՚որսայ պահը, կը ձեւաւորէ պատմութիւնը, լոյսի ու շարժումիմիջոցով կը հաղորդէ զգացումն ու միտքը։ Այս հարցազրոյցը կըներկայացնէ այդ լուռ, բայց առանցքային ստեղծագործողներէն մէկը՝քամերաման Աշոտ Աւետիսեանը։ Տարիներ շարունակ ան իր ձեռագիրն ուտեսլականը դրոշմած է հեռատեսիլային ու շարժանկարային բազմազաննախագիծերու մէջ, իսկ հիմա անկեղծօրէն կը խօսի իր փորձառութեան, աշխարհայեացքի եւ մարդկային ապրումներու մասին։ Այս զրոյցը փորձմըն է ներթափանցելու ո՛չ միայն քամերամանի արհեստին խորքերը, այլեւմարդուն՝ որ կեանքը կը դիտէ ոսպնեակէն անդին։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Սիրելի Աշոտ, նախ քեզ ծանօթացնենք մեր ընթերցողներուն։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- 2007 թուականէն ի վեր սկսած եմ աշխատիլ Արմենիահեռատեսիլային կայանի մէջ։ Տեղւոյն վրայ սորված եմ նկարահանողօփերաթէօրի, այսինքն քամերամանի մասնագիտութիւնը ու մինչեւ այսօրկը շարունակեմ աշխատիլ։ Առաջին քանի մը տարիներուն ես միշտ կըսորվէի, կը սորվէի, ո՛չ թէ տեսականօրէն, այսինքն ոչ թէ մասնագիտականգիրքեր կը կարդայի, այլ գործնական գետնի վրայ։ Անընդհատկ՚աշխատէի, նոյնիսկ յաճախ կ՚երթայի ու կը դիտէի թէ ինչպէ՞ս կընկարահանէին տեսահոլովակները, յայտագրերը, յետոյ թերեւս հինգտարի յետոյ Արմենիա կայանէն դուրս ալ ճանաչում գտայ, որովհետեւ մեծծրագիրներ իրականացուցինք ու ե՛ս եղայ այդ բոլորի նկարահանողը, եսալ ներգրաւուած էի այդ նախագծերու մէջ։ Համբաւս տարածուեցաւ։Փորձառութիւն ձեռք ձգեցի։ Սկսան տարբեր նախագիծերու համար զիսհրաւիրել, մարդիկ սկսան ճանչնալ զիս ու վստահիլ իմ աշխատանքին։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Քու կարծիքով, դուն ինչպէ՞ս կը զանազանուիս այս ասպարէզիտէր միւս մասնագէտներէն։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Իրականութեան մէջ իւրաքանչիւր քամերաման տարբեր է իրմօտեցման տեսանկիւնէն՝ ճաշակի հարցով, դրուագը որսալուհմտութեամբ, որովհետեւ քամերամանի ասպարէզը տեսնելու լայնաշխարհ մը կը բանայ։ Որեւէ քամերաման օրինակի համար տարբերձեւով կրնայ պատկերել պարզ պատգշամ մը։ Ճիշդ է նոյն պատշգամ մըն էխնդրոյ առարկան, բայց քամերաման մը տարբեր աչքով մը տարբերպատկեր մը կը ստանայ։ Ասիկա ճաշակի հարց է։
Հ.- Դուն քու ձեռագիրը ունի՞ս։ Այսինքն մարդիկ կրնա՞ն հասկնալ որ ասիկաքամերաման Աշոտ Աւետիսեանի նկարահանումն է։
Պ.- Իմ պաշտօնակիցները, իմ ոլորտի աշխատակիցները այո՛, կը հասկնանոր ի՛մ նկարահանումն է, որովհետեւ դրուագ մը ստանալու համար ամէնքամերաման տարբեր §լոյս մը կը գործածէ։ Այո՛, կան նուազագոյնպայմաններ, զորս պէտք է կարենաս ապահովել նկարահանումներուընթացքին, բայց մնացեալը ստեղծագործական ճաշակի արդիւնք է։ Ես ալեթէ նկարահանման որեւէ դրուագ մը տեսնեմ եւ եթէ այդ նկարահանումըԱրմենիա Թի-Վիի կողմէ նկարահանուած է, կրնամ ըսել թէ ո՞վ է հեղինակը, ո՞վ է քամերամանը։
Հ.- Դուն ինչպէ՞ս կ՚որոշես թէ ո՛ր դրուագը, ո՛ր պահն է այն եզակիվայրկեանը որ կրնայ իր մէջ ամփոփել ամբողջ պատմութիւնը։
Պ.- Դժուար հարց մըն է եւ կախեալ է անկէ թէ ի՞նչ կը նկարես։ Եթէ խօսքըտեսահոլովակի մասին է, պէտք է յստակ հատուածի մը վրայ դրուի շեշտը, այսինքն կեդրոնանաս երգի բառերու այդ հատուածին վրայ։ Դունբառերով պէտք է ստանաս այն դրուագը, որ երբ մարդ մը նոյնիսկ ձայնըանջատելէ ետք, հասկնայ թէ ինչի՞ մասին է երգը։ Գալովշարժանկարներուն, անիկա ընդհանուր բեմագրութիւն մըն է, յայտագրերուպարագային ալ չես կրնար դրուագով մը ամբողջ յայտագիրը§ամբողջացնել¦։
Հ.- Թեքնիքագիտութիւնը կը զարգանայ, նորամուծութիւնը ամենուրեք է, բոլոր բնագաւառներու մէջ մարդիկ նորութիւններու ետեւէն կը վազեն, իսկքամերամանի աշխատանքի մէջ կա՞յ բան մը որ անփոփոխ է։
Պ.- Հարկաւ, կա՛յ։ Քամերամանի աշխատանքի մէջ միակ անփոփոխը՝§ձեռագիր¦ն է։ Կապ չունի թէ դուն ի՞նչ գործիքով կ՚աշխատիս, դուն քուուզածը կը նկարես թերեւս դրուագի որակի տեսանկիւնէն կրնայ աւելի լաւըկամ աւելի գէշը ըլլալ, բայց ատիկա կապ չունի, ձեռագիրը իր խօսքը կ՚ըսէ։Միաժամանակ, քամերամաններն ալ պարտաւոր են ժամանակակիցնորութիւններուն հետամուտ ըլլալ, միշտ ուսումնասիրեն թեքնիք շուկան։Անկարելի է որ ես նկարահանման երթամ ու յանկարծ գաղափարչունենամ թէ ինչպիսի՞ թեքնիք գործիքակազմ մը կը սպասէ ինծի։
Հ.- Նկարահանման պահերուն միջամտութիւններ կ՚ըլլան քու պարագային, թէ ոչ հեռատեսիլի աշխարհի մարդիկ կը վստահին, գիտեն որ դունլաւագոյնը կ՚ընես եւ կը թողուն քու հայեցողութեան։
Պ.- Յաճախ ճիշդ այդպէս կը պատահի։ Նոյնիսկ բեմադրիչ մը, երբ ինծիհետ կ՚աշխատի, զիս կը թողու նկարահանման հրապարակի վրայ, որեւէկասկած չ՚ունենար որ լաւագոյնը կ՚ընեմ ու ինք նկարահանման ուրիշգործերով կը զբաղի։ Այսինքն գիտէ որ եթէ քամերամանը ե՛ս եմ, ինք կրնայնոյն նկարահանման ուրիշ հարցերով զբաղիլ։ Օրինակի համարհեռատեսիլային նկարահանումներու ՇԱՐՄ հոլտինկէն յաճախ հրաւէրներկ՚ընեն ինծի։ Կ՚երթամ, տեսահոլովակներ, գովազդներ կը նկարահանեմ, բեմագրութիւնը առկայ է, բայց արդէն բեմադրելու հարցերով կը վստահինինծի։
Հ.- Երաժշտական ո՞ր նուագարանին կը նմանցնես քու աշխատանքը։
Պ.- Կը կարծեմ ֆակօթի (փայտեայ փողային նուագարան որ կըպատրաստուի թխկենիի փայտէն – աքչաաղաչ)։ Դժուար նուագարան մընէ, ինչպէս մեր աշխատանքը, որովհետեւ քամերամանի գործին մաս կըկազմէ բեմադրութիւնը։ Յաճախ կը պատահի որ ես թէ՛ կը նկարեմ, թէերաժշտութիւնը կը պատրաստեմ թէ՛ լոյսերը կը զետեղեմ ու… կը նկարեմ։Այսինքն բոլորը միասին։
Հ.- Մասնագիտական ճամբորդութիւններու յաճախ կը մեկնի՞ս։
Պ.- Գրեթէ միշտ։ Թերեւս ամբողջ աշխարհը պտըտած եմ զանազաննախագիծերու բերումով։
Հ.- Կա՞յ երկիր մը որ փոխած ըլլայ քու մասնագիտական ընկալումները, քումօտեցումները։
Պ.- Մասնագիտական առումով փոփոխութիւն չէ եղած, բայցյարմարաւէտութեան տեսակէտէ Ճաբոնի մէջ աշխատիլը, այդ երկրիբարքերը, մշակոյթը երբեք չեն խանգարած նկարահանումներուընթացքին։ Անդին եղած են բազմաթիւ երկիրներ, ուր բարդոյթներովկ՚աշխատիս, որովհետեւ ամէն վայրկեան վտանգ կը զգաս։ Ազատ չես, կ՚ուզես շատ շուտ նկարահանել եւ լքել երկիրը, որ խնդիրներ չունենաս։
Հ.- Իսկ ո՞ր երկրի §լոյսն էր ամէնէն հետաքրքրականը նկարահանումի մըպահուն։
Պ.- Ափրիկէի մէջ լուսային գոյները շատ տարբեր էին, հողի գոյնը, երկնքիգոյնը, ամէն ինչ, լրիւ տարբեր էր, երբ դրուագ մը կ՚որսայիր կը զգայիր որգունային երանգները կատարեալ էին, աւելի լաւը չէր կրնար ըլլալ։
Հ.- Ունեցա՞ծ ես պահեր, երբ նկարահանում մը կրնար շատ սուղի արժելքեզի, այսինքն վտանգաւոր պահ մը կամ դժուար իրավիճակ մը, ճակատագրական պահ մը։
Պ.- Դժուարութիւններու առումով այո՛, եղած են այդպիսի պահեր։Նկարահանումներու գացած եմ գիտնալով որ դիմացինները զինուած են եւորեւէ պահու կրնան կրակել, նոյնիսկ եղած են դէպքեր երբ փախած ենքմեր կեանքը ազատելու համար։
Հ.- Կարծեմ հանրայայտ մարդիկ ալ նկարած ես։ Կրցա՞ծ ես սառնասիրտմնալ թէ ո՛չ անոնց հեղինակութիւնը այսպէս կամ այնպէս յաւելեալպատասխանատուութիւն մը բեռցուցած է ուսերուդ վրայ։
Պ.- Երբ դուն քու տեսախցիկի մէջ կը տեսնես օրինակի համար ԱնտրէաՊոչէլլին, Շարլ Ազնաւուրը կամ Փաթրիսիա Քասսը, դուն աւելի զգաստկ՚ըլլաս, կը խորհիս որ ան քեզմէ աւելի արհեստավարժ է եւ պէտք չէ որակամայ սխալ մը ընեմ որ ան զգայ թէ ես իրմէ աւելի §տկար եմ։ Միշտկ՚ուզես որ քեզմէ գոհ մնայ, նոյնիսկ որեւէ դիտողութիւն չընէ։
Հ.- Գիտեմ որ դո՛ւն էիր Ազնաւուրի հետ կատարուած հարցազրոյցներէնմէկուն քամերամանը։ Կրնա՞ս ըսել թէ ո՛րն էր ամէնէն յուզական պահը, երբնկարահանած ես եւ ո՛չ թէ որպէս քամերաման, այլ որպէս հայ մարդ յուզումմը ապրած ես։
Պ.- Եղած է։ Ես տակաւին երիտասարդ էի երբ նկարահանեցիհարցազրոյցը։ Հիմա, տարիներու հեռաւորութենէն արժեւորելով, նախ կըյուզուիմ զգալով թէ զո՞վ նկարած եմ, յետոյ վստահութիւնը որ ինծիվստահած են։ Ճիշդ է որ մինակ չեմ եղած, նկարահանող խումբով էինք, բայց ամէն ինչ ես կ՚որոշէի։
Հ.- Ընդհանուր առմամբ կը յաջողի՞ս միշտ արհեստավարժ քամերամանիկոչումը պահել, թէ կը պատահին §բացթողումներ¦, երբ զգացմունքը կըգերիշխէ արհեստավարժութեան վրայ։
Պ.- Ատիկա կախեալ է նկարահանման թէմայէն։ Եթէ ծանր նիւթ մըն է, կըպատահի որ իմ ասպարէզը կը մոռնամ, կը տարուիմ այդ թէմաներէն, կըյուզուիմ։ Դժուար թէմաներ են վիրաբուժական միջամտութիւնները։ Եսվիրահատութիւններ ալ նկարահանած եմ, անգամ մը փորձած էինք, հինգքամերման էինք, կը հարցնէին թէ ո՞վ կրնայ նկարել։ Տրուած ըլլալով որ զիսփորձած էին, անմիջապէս ինծի կը վստահէին։ Շատ ծանրվիրահատութիւններ նկարած եմ ու կրնամ ըսել որ առաջին 5-10 վայրկեանները ուղղակի փորձութիւն էին ինծի համար։
Հ.- Ըսիր որ 2007էն ի վեր այս ոլորտի մէջ ես։ Այսինքն 18 տարիէ ի վերբազմահարիւր դրուագներ նկարահանած ես։ Երբ կը բաղդատես առաջիննկարահանումներն ու վերջին տարիներու աւելի փորձառու աշխատանքիդարդիւնքը, կրնա՞ս ըսել որ ա՛յս ժամանակները, այսինքն մասնագիտականաշխատանքի այս դիրքը կ՚երազէիր ու հիմա այդ վիճակին հասած ես։
Պ.- Ճիշդն ըսելու համար չեմ պատկերացուցած։ Ո՛ւր որ հաց, հոն կա՛ց էեղեր իմ գործի բնոյթը։ Շատ երիտասարդ էի երբ սկսայ գործի, ուստինիւթականը այսինքն օրուայ ապրուստը աւելի ծանր կը կշռէր, յետոյ որքանխորացայ նկարահանումներու մէջ, աշխատանքս տարբեր գրաւչութիւն մըունեցաւ։ Եթէ այսօր ես կը նկարահանեմ օրինակի համար բան մը, վաղըկը խորհիմ թէ կրնա՞մ տեսահոլովակ մըն ալ պատրաստել եւ այդպէսշարունակ..։ Այսինքն իմ աշխատանքային կենսագրութեան մէջ չկայ բանմը որ նկարած չըլլամ։ Օրինակ քամերամաններու միջեւ կանտաղաւարային քամերամաններ, շարժանկարներու քամերամաններ, տեսահոլովակներու քամերամաններ, իսկ իմ պարագային կրնամ ըսել որիւրայատուկ բան մը ունիմ։ Հեռատեսիլի աշխարհը զիս այնպէս մը կրթածէ որ ես ամէն բան կը նկարեմ։ Ասիկա առանձնայատկութիւն էքամերամանին տրուած։
Հ.- Եթէ պատմական դրուագ մը ըլլար եւ քեզի բախտ վիճակէրնկարահանել պատմական իրադարձութիւն մը, պատմական դարաշրջանմը, պատմական պահը, ի՞նչ նկարել կ՚ուզէիր կամ նկարահանած ես արդէն։
Պ.- Եղած են իրադարձութիւններ, օրինակի համար քաղաքականիրադարձութիւններ, ամբողջ աշխարհէն եկած են քաղաքականառաջնորդներ եւ փաստաթուղթ մը ստորագրած են եւ այդ պահը մտած էպատմութեան մէջ։ Փակ թէմաներ կը քննարկուէին ու նոյնիսկ մեզմէ ամէնմէկը իր թիկնապահը ունէր։ Ես կրնամ 30 տարի յետոյ ինքնագովութիւնընել, ըսելով որ ներկայ եղած եմ այդ իրադարձութեան։
Հ.-Եղա՞ծ են պահեր, երբ ճգնաժամ մը ապրած ես եւ չես ուզած երթալնկարահանումներու։
Պ.- Այո, այդպիսի պահերու գերյոգնած վիճակի պատճառով սպառած կըզգամ ինքզինքս։ Պէտք կ՚ունենամ արձակուրդի, որպէսզի ուժերսվերականգնեմ ու նոյն բաները չնկարեմ, կրկնողութիւն չըլլայաշխատանքիս մէջ։ Երբ աշխատանքի բնոյթով շատ կը նկարես, ինքնաբերաբար §ռոպոթի կը վերածուիս։ Մինչդեռ ընդմիջումէ մը, դադարէ մը ետք կը զգաս որ ամէն ինչ սկիզբէն սկսած է եւ լրիւ ուրիշմօտեցում մը կ՚որդեգրես։
Հ.- Աշակերտներ ունի՞ս, կա՞ն պատանիներ կամ պարմանուհիներ որոնցքու գործը կը սորվեցնես։
Պ.- Մեծաթիւ են այդ տղաքը։ Արմենիա հեռատեսիլի կայանը իրմետիա-դպրոցը ունի։ Հոն տեսական դասերը կ՚աւանդէ իմ երէց ընկերը, այն անձը, որմէ շատ բան սորված եմ, ա՛ն է որ այս գործի ներքին ծալքերըսորվեցուցած է ինծի։ Ես աւելի շատ գործնական գետնի վրայիփորձառութիւնները կը բաժնեմ այդ տղոց հետ։ Տեսութիւնը աւագ ընկերս, որու հետ անուանակից ենք, կը դասաւանդէ, իսկ ես գործնականգիտելիքները կը փոխանցեմ։ Երբ մետիա-դպրոցը չունէինք տակաւին, դարձեալ երիտասարդներ կուգային եւ ես զերոյէն կը սկսէի սորվեցնել։
Հ.- Դո՞ւն կ՚ընտրէիր։
Պ.- Երեք հոգիէն մէկը կ՚ընտրէի, որովհետեւ դէմքէն իսկ յայտնի է թէ ի՞նչնպատակի համար կուգայ, կուգայ ժամանակ անցընելո՞ւ թէ բան մըսորվելու համար։ Միայն վերջերս երեք նոր քամերամաններ հասցուցածեմ, անոնք Ամերիկայի մէջ կ՚աշխատին։ US Արմենիա, Հորիզոնկայաններու համար նկարահանումներ կը կատարեն, տեսահոլովակներ, ընդունելութիւններ կը նկարեն։ Կրնամ ըսել որ անոնց ստեղծագործականկեանքի ճամբան իմ դպրոցէն անցած է, նոյնիսկ անոնց նկարահանմանձեռագիրը իմ ձեռագրին կը նմանի։
Հ.- Ձեր բնագաւառի մէջ մէկզմէկ նախանձողներ կա՞ն։
Պ.- Միայն բարի նախանձն է խնդրոյ առարկան։ Կը նայիս ու կ՚ըսես§Երանի՜ թէ ես նկարած ըլլայի¦։
Հ.- Նպատակ մը ունի՞ս ապագային անձամբ յատուկ դասընթացք մըբանալու, գիտելիքներդ որպէս ուսուցիչ նորահասներուն փոխանցելուուղղութեամբ
Պ.- Ճիշդն ըսելու համար, ատիկա նստակեաց մարդու գործ է, իսկ ես կըսիրեմ վազել-բերել, բանի մը հասնիլ, նկարել, եւայլն։
Հ.-Եթէ փորձես դուն քեզ նկարագրել երեք բառով, ինչպէ՞ս կը նկարագրէիրքու մարդ-կերպարը կամ ասպարէզի հետ ընդելուզուած։
Պ.- Կարգապահութիւնը գլխաւորն է։ Բայց եթէ երեք մասնայատկութիւննշեմ ատոնք են՝ շուտ կողմնորոշուելու յատկութիւնը, որեւէ պահու ճիշդլուծումը տալը եւ կարենալ մարդոց հետ ճիշդ շփում հաստատելը։Օրինակի համար երկրի մը Նախագահի, հանրայայտ դէմքի մը հետշփման պահը՝ դրուագի մէջ։
Հ.- Արհեստական բանականութիւնը որքանո՞վ §ներխուժած է¦ ձերբնագաւառէն ներս։
Պ.- Դեռ կը պայքարինք որ չըլլայ։
Հ.- Քու կարծիքով քամերաման մը միայն թեքնիք գիտելիքներո՞վ պէտք էզինուի, թէ ոչ ստեղծարար կողմն ալ իր բարերար ազդեցութիւնը ունի լաւարդիւնքի վրայ։
Պ.- Ստեղծագործող պէտք է ըլլայ, իր կողքին ունենալով լաւ թեքնիսիէնօգնական մը։
Հ.- Որպէս մասնագէտ, ինչպէ՞ս կ՚արժեւորես տեսահոլովակներու որակը, յայտագրերու կամ նախագիծերու նկարահանումներու կերպը, ոճը։
Պ.- Եթէ տուեալ նախագիծը դրամական խնդիր չունի, ուրեմննկարահանումներն ալ բարձրորակ են, ակնահաճոյ եւ տպաւորիչ, հակառակ պարագային՝ ակնդիրներու լսարան չի հաւաքեր։
Հ.- Կա՞յ նախագիծ մը, զոր կ՚ուզես նկարահանել, քու անուն-մականունըտեսնել այդ ծրագրի մէջ։
Պ.- Յայտագրերու ու նախագիծերու առնչութեամբ այդպիսիյաւակնութիւններ չունիմ, բայց կ՚ուզէի քամերամանը ըլլալ ժապաւէնի մը, որ պիտի գրաւէր շարժանկարի աշխարհը։
Հ.- Հարցազրոյցի վերջին բաժնով անդրադառնանք քու ընտանիքին, որպէս հայր, որպէս ամուսին ինչպիսի՞ մարդ է Աշոտը։
Պ.- Նախ եւ առաջ ամէն կին չի կրնար քամերամանի կողակից ըլլալ, որովհետեւ մեր աշխատանքը ժամանակ կը խլէ։ Երեք վայրկեաննոցտեսահոլովակի համար երբեմն երեք գիշեր կրնաս տունէն հեռու մնալ։Երբեմն անհրաժեշտ կ՚ըլլայ լուսաբացը դիմաւորել-նկարել, մայրամուտիննկարահանումներ ընել։ Փառք Աստուծոյ կողակիցս. Լուսինէն §կըդիմանայ¦, իսկ որպէս հայր կը ջանամ համադրել գործն ու ընտանիքը։
Հ.- Գալով երախաներու ապագային։ Կ՚ուզէիր որ որդիդ քու գործըշարունակէր։
Պ.- Որդիս այդպիսի ցանկութիւն մը ունի, ես ալ կողմնակից եմ, բայց կըփափաքիմ որ աւելի լայն ըլլայ անոր աշխատանքի դաշտը, իմ տարիքինան արդէն հարկաւ §երազանքներու աշխարհէն¦ ան ըլլար Հոլիվուտեանքամերաման մը, կամ որակապէս մեծ համբաւի տէր նկարահանող մը։Ներկայիս ունինք քամերամաններ, որոնք անունով ծանօթ են, սակայնանոնց ետեւէն կը լսուի §ինչ կը նկարէ¦ խօսքերը։
Հ.- Հայ քամերամանները, Հայաստանի կամ Սփիւռքի մէջ զիրար կըճանչնա՞ն։ Ունիք արդեօք միութիւն մը կամ հարթակ մը։
Պ.- Ո՛չ, այդպիսի միութիւն մը կամ հարթակ մը չունինք։ Ամերիկայի մէջԳէորգ անունով քամերաման ընկեր մը ունինք, ան Լոպէսիտեսահոլովակներէն մէկը նկարած է, Նեթֆլիքս-ի համար կը նկարէ, Արմենիա կայանէն գաղթած է Ամերիկա եւ հիմա շատ լաւ դիրքի վրայ է։Ընդհանրապէս այդպիսի լայն ծանօթութիւններ չկան։ Հայաստանի մէջկապը կայ, բոլոր լաւագոյններս զիրար կը ճանչնանք, բայց անոնք որոնքվաղուց գաղթած են երկրէն, այնքան ալ մօտէն ծանօթ չեն հայաստանցիմասնագէտներուն։
ՎԵՐՋԱԲԱՆԱշոտ Աւետիսեանի հետ այս երկարատեւ եւ բովանդակալից զրոյցը կըբացայայտէ դիմանկարը քամերամանի մը, որ միայն թեքնիքգիտելիքներով չէ զինուած, այլ զինուած է նաեւ՝պատասխանատուութեամբ, ներքին կարգապահութեամբ եւ ստեղծագործմիտքով։ Իր պատմած դրուագները, ապրած վտանգներն ույաջողութիւնները կը վկայեն որ քամերամանի գործը լոկ մասնագիտութիւնչէ, այլ կենսակերպ է։ Տարիներու փորձառութեամբ կերտուած իրձեռագիրը կը շարունակէ փոխանցուիլ նոր սերունդներուն, իսկ իրտեսլականը կը մնայ շարժման մէջ՝ նոր պատմութիւններ որսալուակնկալութեամբ։ Այս հարցազրոյցը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որիրական պատկերը միշտ կը ծնի այն աչքերէն, որոնք գիտեն տեսնել

