İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ՝ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՊՈՒՐՍԱՅԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ՀԻՒՐ

Լուսանկարիչ Պերճ Արապեան, որ կ’աշխատակցի «Ակօս» շաբաթաթերթին, այս շաբաթավերջին հիւրընկալուեցաւ Պուրսայի մէջ, մասնակցելով լուսանկարչական արուեստի միջազգային փառատօնի մը։ Երէկ, 14 Դեկտեմբերին, ան «Նկարիչ Շէֆիք Պուրսալը արուեստասրահ»ին մէջ մասնակցեցաւ հրապարակային զրոյցի մը, որուն ընդհանուր կարգախօսն էր՝ «Բեկման ժամը»

։

Պերճ Արապեան ներկայացուց իր ընտանիքի պատմութիւնը, հօր հետքերուն հետեւելով Հազրոյէն մինչեւ Տիյարպաքըր, ապա մինչեւ Հալէպ երկարող գաղթի ճամբան ու կեանքի ոդիսականը։

Յիշեցնենք որ լուսանկարիչ Արապեան ծնած է 1957 թուականին՝ Սուրիոյ մէջ։ 1966-էն մինչեւ 1973 բնակած է Լիբանանի մէջ, ապա ընտանիքին հետ գաղթած է Թորոնթօ, ուր բնակութիւն հաստատած է շուրջ 37 տարի։ Բուն ասպարէզով միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ է, միաժամանակ ինքնուս լուսանկարիչ մը, որու գործունէութիւնը կեդրոնացած է ընկերային վաւերագրական լուսանկարչութեան ոլորտին մէջ։ 1994 թուականէն ի վեր ան կ’աշխատի որպէս ազատ լուսանկարող-լրագրող։ Ներկայիս կ’ապրի Իսթանպուլի մէջ եւ կը կազմակերպէ լուսանկարչական աշխատանոցներ։

Խօսելով իր արուեստի մասին ան հետեւեալ բնորոշումը կը կատարէ. «Լուսանկարչութիւնը ինծի համար միջոց մըն է, որով կը կարողանամ տեսողական լեզուով արտայայտել այն, ինչ որ չեմ կրնար ձեւակերպել խօսքով։ Իմ մէջ ապրած աշխարհի մասին տպաւորութիւններս բառերու պակասին պատճառով չեն գտներ իրենց արտայայտութիւնը։ Լուսանկարները իմ կորսուած բառերն են՝ աւելի արտայայտիչ լեզու մը փնտռելու ընթացքին։ Անոնք այն տեսողական լեզուն են, որով ես՝ որպէս վկայ, կը խօսիմ մարդկութեան ուրախութիւններուն ու վիշտերուն, պայքարներուն ու փորձութիւններուն, յաղթանակներուն ու պարտութիւններուն մասին, եւ ամենակարեւորը՝ որով կը պատմեմ արժանապատուութեան, յոյսի ու սիրոյ մասին։ Այս նոր այբուբենը տակաւին կը սորվիմ»։

https://www.facebook.com/photo?fbid=778551295204953&set=a.135021036224652