Պետական բազմաձայն երգչախումբը Համաշխարհային երգչախումբերու օրուան առթիւ «Միասին երգէ» համերգով երաժշտասէրներուն ներկայացաւ «Ճէ-Սէ-Օ Ատա Անգարա» Զիրաաթ Դրամատան մայր դահլիճին մէջ։ Երգչախումբերու համաշխարհային օրուան առթիւ կազմակերպուած այս համերգին Ֆերիգիւղի Վարդանանց Դպրաց Դաս երգչախումբը հանդէս եկաւ որպէս հիւր երգչախումբ՝ Հաճէթթեփէ համալսարանի սենֆոնիք նուագախումբի, Պետական բազմաձայն երգչախումբի եւ Պետական բազմաձայն մանկական երգչախումբերու հետ միասին։
Համերգը տեղի ունեցաւ 14 Դեկտեմբեր 2025, Կիրակի, Ատա Անգարա Զիրաաթ Դրամատան մայր դահլիճին մէջ եւ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց մշակոյթի եւ արուեստի շրջանակներուն մէջ։
Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը այս մեծ համերգին մասնակցելու համար առաւօտեան մայրաքաղաք մեկնած էր։ Համերգին, իրեն հետ միասին ներկայ էին Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի պատրիարքական կառավարիչ Գերյ. Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Վարդանանց Դպրաց Դաս երգչախումբի նախագահ Արժ. Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Արժ. Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա, Ատենապետ Մանուկ Էօղէրի գլխաւորութեամբ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներ, Վարդանանց երգչախումբի խմբավար Սիպիլ Արսէնեան, Հանրապետութեան Նախագահի Մշակութային խորհրդականներէն Արամ Գուրան եւ Կարօ-Վռամ Պապայեան։
Դիտել տանք որ Նորին Ամենապատուութիւնը համերգէն ետք այցելութիւններ պիտի տայ կարգ մը նախարարութիւններ եւ 17 Դեկտեմբեր 2025, Չորեքշաբթի իրիկուն Աթոռ պիտի վերադառնայ։

