Մատաղօրհնութիւններու եւ մեր վարժարաններու ի նպաստ սարքելի Սիրոյ Սեղաններու մարաթոնի ծիրէն ներս այս շաբաթավերջ, 7 Դեկտեմբեր Կիրակի, կրօնական ու աշխարհիկ հանդիսութիւններ պիտի սարքուին Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ եւ Լեւոն Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ։
Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Նուրհան Սուճեան եւ գործակից ընկերներէն Նատին Վանլըօղլու-Թաշ ու Նուարդ Պարըն խմբագրատուն այցելեցին մեզ հրաւիրելու եւ իրենց գործունէութեան, պիւտճէի բացի մասին տեղեկութիւններ տալու նպատակով։
Միշտ ըսած ենք ու կը շարունակենք ըսել որ Լեւոն Վարդուհեան վարժարանը նախախնամական դերակատարութիւն ունի համայնքային կեանքին մէջ։ Այս օրերուն, թերթիս Բ. էջի վրայ կը շարունակենք վերհրատարակել մեր Ողբացեալ խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի կարեւոր յօդուածաշարքերէն մէկը, որ լոյս կը սփռէր վարժարանի ապրած տագնապալի մէկ շրջանի վրայ. 1990ականներու վերջին տարիներուն օրակարգի վրայ էր վարժարանը փակելու հարցը եւ հաւանաբար այդպէ՛ս ալ պիտի ըլլար հանգուցալուծումը, եթէ ազգային բարերարներ Արէտ եւ Մօնիք Երկանեաններ շարժման չանցնէին ու փակումէն չփրկէին այս կրթօճախը։ Հիմա, շուրջ 25-30 տարի յետոյ, կը տեսնենք թէ ինչպիսի կարեւոր առաքելութիւն մը կ’իրականացնէ Լեւոն Վարդուհեան դպրոցը, գիրկ բանալով համայնքի «կորսուած» ընտանիքի զաւակներուն։
Թաղականներու հետ մտերմիկ զրոյցը կայացաւ թերթիս Հրատարակութեան Տնօրէն Արի Հատտէճեանի ու Վարչական տնօրէն Այգ Հատտէճեանի հետ։ Ատենապետը մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ իրենց աշխատութիւններու մասին։ Այս տարուայ պիւտճէի բացը շուրջ 25 միլիոն լիրա է։ Թէ՛ եկեղեցին, թէ վարժարանը կանգուն կը մնան նուիրատուութիւններու շնորհիւ։ Եկեղեցին քանի մը կալուածներ ունի, բայց անոնցմէ եկած վարձքերը շատ փոքր համեմատութիւն կը կազմէ, կան նաեւ կալուածներ որոնք ուրիշ համասեփականատէրեր ալ ունին։
Վարժարանի մէջ կ’ուսանի 95 աշակերտ, ուսուցչաց կազմը կը բաղկանայ 21 ուսուցիչէ, 2 տնտես մայրիկ, 1 վարպետ եւ 1 ժամկոչ կայ։ Մեր հիւրերը պատմեցին որ գլխաւոր ծախսերէն մէկը փոխադրութիւններու (սերվիս) խնդիրն է։ Աշակերտներուն մեծ մասը այսօր արդէն «Հիւսիսային Իսթանպուլ» յորջորջուած թաղերէն կուգան։ Անցեալ տարի 7 մինիպիւս ունէին, այս տարի ստիպուեցան բարձրացնել 8ի, որովհետեւ «շրջանակը» կ’ընդարձակի։ Աշակերտները կուգան Կազիօսմանփաշա, «Քարատենիզ մահալլեսի», Պաղճըլար, Պայրամփաշա, Պահչէլիէվլէր, Չէքմէճէ, Շիրինէվլէր, Էյուպ, Պալաթ, Կիւնկէօրէն, Էսէնլէր թաղերէն, ընդհանուր առմաբ 20 կէտերէն աշակերտներու տեղափոխութիւնը կը կատարուի։
Փոխադրամիջոցներու ծախսը, նախաճաշը եւ ցերեկուայ ճաշը, ուսուցչաց կազմին աշխատավարձքերը եւ կառավարութեան տրուած տուրքը՝ այսինքն ապահովագրութիւնը պիւտճէի գերակշիռ մասը կը կազմեն, իրենք որեւէ գումարի ակնկալութիւն չունին եւ արդէն ընտանիքներն ալ ի վիճակի չեն որեւէ ձեւով օգնել այս բոլորին, որովհետեւ մեծ մասը վարձով տուներու մէջ կ’ապրին ու նիւթական բարւոք վիճակ չունին։
Մեր «ցաւեր»ու մասին ալ խօսեցանք, անդրադառնալով յատկապէս «Իթիմաթ պիւրօ»ի խնդրին։ Ատենապետն ու ընկերները ըսին որ այդ մարմնի փակումը մեծապէս ցնցեց իրենց հաստատութիւնը։ Նախորդ տարիներու հաշուեցուցակները քննելով անդրադարձած էին որ նուիրատուութիւններու առաջին «եռեակ»ին մէջ Լեւոն Վարդուհեանը, Գալֆաեանն ու Կեդրոնականը մի՛շտ կային։ Այս երեք հաստատութիւնները տուժեցին։ Համայնքին մէջ ունինք անձեր, որոնք դրամական փոխանցումներ ընելու վարժ չեն, երբ Իթիմաթ գրասենեակը կը գործէր, յուղարկաւորութիւններու ընթացքին իրենց փափաքած հաստատութեան նուիրատուութիւն կ’ընէին, բայց հիմա իրավիճակը տարբեր է։ Պէյօղլուն, Օրթագիւղը, Սկիւտարի ափի եկեղեցիները, Սամաթիան, Գատըգիւղը պարտաճանաչ են, միշտ ի ցոյց կը դնեն իպանի հաշիւները, բայց կան եկեղեցիներ, որոնք սխալ գնացքի մէջ են։ «Պարբերաբար կը խօսինք այս նիւթի մասին։ Քանիցս այդ թաղականներուն ըսի որ նուիրատուութեան «պերեքեթ»ն ալ փախցուցիք, որովհետեւ մարդիկ, որոնք վարժուած էին նուիրատուութիւն ընելու, ձե՛ր եկեղեցիներուն նուիրատուութիւն պիտի չընեն, սխալ մտայնութեան մէջ էք», պատմեց Ատենապետը։
Շարունակեց ըսելով որ այս հարցը կրնայ լուծուիլ միայն Պատրիարքարանի կամ ԷՐՎԱՊի միջոցաւ։ Իթիմաթ-էն եկած դրամները հոգեճաշի նման կը գործածէինք, հիմա բոլորովին զրկուեցանք այդ գումարներէն։ Յաճախ կը հեռաձայնեն մեզի, կ’ըսեն որ յուղարկաւորութեան եկած են ու չեն գիտեր ինչպէ՞ս նուիրատուութիւն ընեն, «իպան»ի տուեալները այնքա՛ն փոքր կը դնեն որ կարդալ գրեթէ անկարելի է, անոնք որոնք չեն հեռաձայներ, կամ իրենց ուզած տեղը չեն կրնար նուիրատուութիւն ընել, չե՛ն ըներ, այդ աւանդութիւնն ալ կը վերջանայ, ըսին թաղականները։
Անդրադարձանք նաեւ դպրոցի մէջ բարեփոխումներուն։ Ատենապետը ըսաւ որ դպրոցը ամրաշինուած է, Ռոնիի հեծանիւային արշաւէն գոյացած գումարը միացաւ այն ծախսերուն, որոնք յատկացուեցան դպրոցը ամրակայուն դարձնելու, հիմնական նորոգութիւն իրականացնելու աշխատանքին վրայ։ Համակարգիչի ծրագրաւորող Սեւան Հատտէլէր մեծ սիրտ հատցուց մեզի համար, յատուկ ծրագիր պատրաստեց, նշեց Պր. Սուճեան, աւելցնելով որ Իսթանպուլի Թեքնիք Համալսարանէն յատուկ վկայական մը ստացած են դպրոցի ամրակայուն ըլլալու մասին։ Շուրջ 40 անհատ բարերար եւ 5 հաստատութիւն, որոնք են՝ Պէյօղլու Սագըզաղաճը Ս. Աստուածածին, Բանկալթը Մխիթարեան, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եւ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեցին այդ գործի համար։
Վարժարանը այս տարի օժտուեցաւ խելացի գրատախտակներով։ Տարեգլուխին 2 գրատախտակ ունէին, 7 հատ եւս նուիրուեցաւ եւ հիմա բոլոր դասարաններու, նոյնիսկ մանկապարտէզի մէջ խելացի գրատախտակ կայ։ Համակարգիչի դասասենեակը եւս շատ լաւ վիճակի մէջ է։ Ունին 12 արդիական համակարգիչներ։ «Բարեկամ» խումբը որ նախորդ երկու տարիներուն, ամէն Ուրբաթ, դասերու աւարտին, «ֆօթօշօփ»ի դասընթացքներ կը կազմակերպէր, այս տարի արհեստական բանականութեան դասեր կը կազմակերպէ։ Այսինքն տղաքը Ուրբաթի դասերէն յետոյ, ա՛յս դասերուն ալ կը հետեւին ու նոր գիտելիքներով կը զինուին։
Զրոյցի աւարտին յաջողութիւն մաղթեցինք Թաղականներուն իրենց աստուածահաճոյ ծառայութեան գլուխ։ Մենք ալ մեր կարգին ընդգծեցինք որ համայնքը կը սիրէ Թօփգաբուի վարժարանը ու ձեռքը միշտ այս բոյնի վրայ կը պահէ։
https://www.facebook.com/photo/?fbid=769219822804767&set=a.135021036224652

