Համայնքիս շնորհալի երիտասարդուհիներէն Լարա Նարին, որ մաս կը կազմէ «Յանկարծ» թատերախումբին, միաժամանակ կը հանդիսանայ նաեւ «Ոմանք» նուագախումբի մենակատարուհին, անցեալ շաբաթ Հայաստան կը գտնուէր «Յանկարծ»ի ընտանիքին հետ։ Թատերախումբը «Իմ սիրտը լեռնագաւառն է» խաղով Հայաստանի մէջ մասնակցութիւն բերած էր թատերական փառատօնի մը։
Ընկերները վերադարձած էին քաղաքս, իսկ Լարան քանի մը օրուայ համար եւս երկարած էր Երեւանի մէջ կեցութիւնը, որպէս զբօսաշրջիկ այցելելով տեսարժան վայրեր։ Յատկապէս տպաւորուած էր «Սիլվա Կապուտիկեան» տուն-թանգարան այցելութենէն։ Ոգեւորուած էր տնօրէնուհի Արմենուհի Դեմիրճեանի հիւրընկալութենէն եւ Քրիստինա Աբրահամեանէն, որ որպէս ուղեցոյց ընկերացած էր իրեն։ Տնօրէնուհին հիւրասիրած էր Սիլվա Կապուտիկեանի ամենասիրած ճաշով, նաեւ հետաքրքրական զրոյց մը ունեցած՝ Լարայի հետ։
Լարա, հեռաձայնով կապ հաստատեց մեր Հրատարակութեան տնօրէնին հետ, բաժնելով իր տպաւորութիւնները։ «Սիլվա Կապուտիկեանի նկատմամբ ակնածանքս բազմապատկուեցաւ։ Չէի գիտեր որ այդքան զօրաւոր նկարագիր մը ունեցած է, Կապուտիկեանի մասին յիշատակները հիացում պատճառեցին ինծի։ Զօրեղ անհատականութիւն մը եղած է։ Անմահանուն բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազէն ամուսնալուծուելէ ետք ստեղծագործական իր ուղին գծած է անմոռանալի էջեր նուիրելով հայ բանաստեղծութեան։ Յուզուեցայ տեսնելով որ իրեն ոսկեզօծ բազմաթիւ գրիչներ ու մատիտներ նուիրուած էին, բայց ան շարունակած է գրել սովորական սեւ մատիտներով», պատմեց Լարա, աւելցնելով որ երեք ժամ պտըտեցաւ թանգարանի մէջ, իսկ աւարտին, Սիլվա Կապուտիկեանի անկողնին քով երգած էր Կապուտիկեանի բառերուն վրայ յօրինուած «Մի լացացնի» անուն երգը, որ մաս կը կազմէ «Ոմանք»ի երգացանկին։
Կը բաժնենք սիրելի Լարայի ուրախութիւնը այս յիշարժան այցելութեան առիթով։

