Ինչպէս գրած էինք արդէն, «Իշ» դրամատան արուեստի բաժինը «Փայլող աստղեր» նախագծով բեմական փորձառութիւն տրամադրած է խումբ մը խոստմնալից երաժիշտներու։ Ընտրեալներու խումբին մէջ է նաեւ երիտասարդ դաշնակահար Պարէտ Չաղլըչուպուքճու։
Այս գծով, 24 Նոյեմբերին, «Իշ քուլէսի»ի դահլիճին մէջ սարքուեցաւ տպաւորիչ համերգ մը, որու ընթացքին Պարէտ եւ թաւջութակահար Պերին Կէօքչէ Իլհան միասին բեմը բաժնեցին։ Պարէտ հոյակապ յայտագիր մը հրամցուց, ներկայացնելով յայտնի յօրինողներու ստեղծագործութիւններէն ընտիր փունջ մը։
Տրուած ըլլալով որ համերգը կը զուգադիպէր Ուսուցչաց օրուան, 24 Նոյեմբերին, ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Փրօֆ. Պուրճու Ուրկունին։

