Երէկ առաւօտ, 23 Նոյեմբեր 2025 Կիրակի համայնքային շրջանակները ցնցուեցան ցաւալի լուրով մը։ Պոլսահայ համայնքի արժէքաւոր անդամներէն, բարերար Տիար Կարպիս Աթմաճա կնքած էր իր մահկանացուն։ Ան միջոցէ մը ի վեր կը տառապէր կարգ մը անհանգստութիւններէ ու կը դարմանուէր իր տան մէջ իր սիրեցեալ կողակցին՝ Տիկին Մարգրիտ Աթմաճայի խնամքին տակ։
Կարպիս Աթմաճա ծնած էր 1943ին Պոլիս։ Ուսման առաջին քայլերը առած էր Էսաեան վարժարանի մէջ, յետոյ շրջանաւարտ եղած էր Մխիթարեան լիսէէն։ Բարձրագոյն ուսումը ստացած էր Կալաթասարայ համալսարանի մէջ։ Իր ասպարէզի բերումով ստանձնած էր կարեւոր պաշտօններ՝ Թուրքիոյ լաւագոյն պանդոկներու վարչական կազմերէն ներս։ Կողակցին, սիրելի Մարգրիտ Աթմաճայի հետ կազմած էր ընտանեկան օրինակելի բոյն մը։
Կարպիս Աթմաճա միշտ եղաւ հայ մշակոյթին, հայ լեզուին, հայ եկեղեցւոյ ու հայ թերթին կողքին, դառնալով բարերար ու մեկենաս՝ անհամար առիթներով։
Խորապէս կը ցաւակցինք մեր սիրելի բարեկամուհի Տիկին Մարգրիտ Աթմաճայի ու ընտանեկան այլ պարագաներուն, երկնային հանգստութիւն հայցելով նորոգ հանգուցեալ Կարպիս Աթմաճայի։
Յուղարկաւորութեան օրն ու վայրը պիտի յայտարարուի անջատաբար։

