Տարեկան մատաղօրհնութիւններու եւ Սիրոյ Սեղաններու մարաթոնը կը շարունակէ հաւաքական ապրումներու շուրջ մէկտեղել մեր ժողովուրդը։ Կիրակիները «կը գրաւուին», պոլսահայութեան ընդհանուր համայնապատկերին մէջ տեղ տալով անոնց, որոնց համար արժէք ու կենսական կարեւորութիւն ունի հաստատութիւններու գոյատեւումը, նորահաս սերունդի կրթութիւնը, մեր բարոյական աւանդները ապրեցնելու հրամայականը՝ որպէս վաղուայ երաշխիք։
Շաբաթավերջի համայնքային ձեռնարկներու եռուզեռին մէջ յատուկ տեղ ունէին Գալֆաեան Տան հիմնարկութեան նուիրուած կրօնական ու աշխարհիկ հանդիսութիւնները։ Բարերարներ, համակիրներ, բազմաթիւ հիւրեր ու հրաւիրեալներ Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած էին, բաժնելով նոյն զգացումները։ Խնամակալութիւնը, Ատենապետուհի Տիկին Թամար Գարասու-Մայօղլուի գլխաւորութեամբ եւ Անատոլուի ափի հաստատութիւններու աջակցութեամբ, ամիսներէ ի վեր կը նախապատրաստուէր Սիրոյ Սեղանին, փափաքած արդիւնքին հասնելու արդար ակնկալութեամբ։ Բարոյական ժառանգ մը ունէին ու,- ինչպէս օր մը առաջ հնչեց Կեդրոնականցիներու կողմէ սարքուած հանդէսի ընթացքին,- «փառք կերտողին, փառք ապրեցնողին» կարգախօսին համահունչ, գիտակից էին այդ պատասխանատուութեան, գիտէին որ դարաւոր հաստատութեան մը «երթը» կ’ապահովեն նորօրեայ պատմութեամբ։ Պիւտճէի բացը այս տարուան համար շուրջ 13.5 միլիոն լիրա կը կազմէր, որուն 4.5 միլիոնը խնամակալութիւնը կը յուսար տարուայ ընթացքին ապահովել այլեւայլ նուիրատուութիւններով։ Կը մնար 9 միլիոն լիրայի բաց մը, որ գրեթէ ամբողջութեամբ հաւաքուեցաւ Սիրոյ սեղանի ընթացքին։ Գալֆաեանցիներ յաջողած էին եւ ուրախ՝ այս արդիւնքին համար։ Խնամակալութիւնը ունեցաւ նաեւ պատուակալ Ատենապետուհի մը՝ յանձինս Տիկին Տիանա Գամբարոսեանի, որ իր կեանքի կիզակէտը դարձուց Գալֆաեան տան ծառայելու սուրբ գործը։
***
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 23 Նոյեմբեր 2025, Կիրակի, նախագահեց Գալֆաեան Տան հաստատութեան տարեդարձի գոհաբանական Սուրբ Պատարագին, որ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ։
Ս. Պատարագը մատոյց Գերմանիոյ առաջնորդ Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպս. Իսախանեան, որ հիւրաբար քաղաքս կը գտնուէր։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արժ. Տ. Վաղարշ Քհնյ. Իսախանեան եւ Արժ. Տ. Անդրէաս Քհնյ. Իսախանեան, սարկաւագ եւ դպիրներ, ինչպէս նաեւ Իրաքի առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Մայր Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան Եկեղեցւոյ Գողթան Դպրաց Դաս-Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Գըլըճեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց «Ո՛վ մարդ, հաւաքածներդ որո՞ւ պիտի մնայ» (Ղուկ. 12.20) Աւետարանական բնաբանով։ Նորին Ամենապատուութիւնը մեկնեց օրուան Ճաշու Աւետարանի հատուածը, ուր Տէր Յիսուս Քրիստոս կը պատմէ անմիտ մեծահարուստի առակը։ Խօսեցաւ հարստութեան եւ հարստութիւն կուտակելու մասին ու բացատրեց Քրիստոսի այս մասին ուսուցումը։ Մեր Հոգեւոր Պետը ապա անդրադարձաւ Պոլսահայ համայնքին ու դարերու ընթացքին կուտակած հարստութեան մասին, որ եղած է Աստուծոյ փառքին եւ մեր ժողովուրդին բարօրութեան ու հոգեւոր շինութեան համար։ Պատրիարք Հայրը Գալֆաեան Որբանոցի հակիրճ պատմականը ընելով, յիշեցուց թէ հաստատութիւնը արդիւնքն էր Սրբուհի Գալֆաեան անուն քրիստոնեայ աղջկան մը նուիրուածութեան, բարեսրտութեան, կարօտեալներու ու որբերու օգնելու պատրաստակամութեան։ Ան եղաւ մայրապետ ու ծառայեց մեր ազգի զաւակներուն։ Մեր այս գողտրիկ վարժարանը եւս պէտք է ապրէր որպէս սրբազան ժառանգ, որպէս հարստութիւն, ամէն զոհողութիւն կ’արժէր յանձն առնել զայն ապրեցնելու համար, որպէսզի շարունակէ մեզի նոր սերունդներ հասցնել։
Մեր Հոգեւոր Պետը իր գնահատանքն ու գոհունակութիւնը յայտնեց նաեւ Թամար Գարասուի գլխաւորութեամբ Գալֆաեանի Խնամակալութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ Թամար Ներկիսի անձին մէջ վարժարանի տնօրէնութեան ու կրթական մշակներուն, որոնք կը ջանան նոր կեանք բերել Գալֆաեան վարժարանին։ Յիշեց Միաբանութեան վերջին քոյրը՝ Առաք. Գայիանէ Տուլքատիրեանը եւ գնահատեց զինք։
Ապա հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցան Գալֆաեան վարժարանի ի Քրիստոս ննջած հիմնադիր Սրբուհի Մայրապետը, Գալֆաեան Ուխտի Միաբանութեան մայրերն ու քոյրերը, ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիները, սաները, բարերարներն ու սատարողները եւ վարժարանի խնամակալութեան անդամները, ինչպէս նաեւ միամեայ հանգուցեալ Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանը։ Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, յարակից Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ, Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան ի նպաստ Գալֆաեան Որբանոցի։
Տիկնանց կազմն ու օգնականները, Ատենապետուհի Թագուհի Կիւլի գլխաւորութեամբ ներկայանալի սեղաններ սարքած էին շուրջ 400-450 հրաւիրեալներու համար։ Կապոյտ եւ ճերմակ գոյներու գեղեցիկ համադրութիւնը տիրական էր ամենուրեք, ստեղծելով տպաւորիչ մթնոլորտ։
Պատրիարք Հայրը իրեն որպէս սեղանակից ունէր վեղարաւոր հոգեւորականներ, ազգային բարերարներ եւ համայնքային գործիչներ։
Խնամակալները յուսալից էին եւ ի՜նչ լաւ որ անոնց ակնկալութիւնները արդարացան։ Մինչ ճաշեր կը մատուցուէին, վարժարանի ուսուցչուհիներէն Սելին Եամաչի գործադրութեան դրաւ յայտագիրը, որ պատրաստուած էր բծախնդիր աշխատութեամբ։ Փոքրիկ սաները իրենց մաղթանքները բերին Սիրոյ Սեղանին, աւագ դասարանցիները հանդէս եկան արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով, յիշեցուցին որ հայոց լեզուն մեր սրտերուն երաժշտութիւնն է, մեր պատմութեան շունչը եւ մեր հոգիին անմար ձայնը։ Բոլոր ելոյթներու ընդմէջէն փոխանցուեցաւ այն գաղափարը, որ Գալֆաեանը միայն դպրոց մը չէ, այլ աւանդութեան, ինքնութեան տարեգրութիւն մը, միաձուլուած համայնքային կեանքին հետ։
Վարժարանի գործունէութեան մասին արտայայտուեցաւ Տնօրէնուհի Թամար Ներկիս, իսկ Խնամակալութեան պիւտճէն ներկայացուց՝ Տիկին Թամար Գարասու-Մայօղլու։
Հաւաքոյթի գագաթային պահերէն մէկը եղաւ Խնամակալութեան որոշումը՝ Տիկին Տիանա Գամբարոսեանին «պատուակալ ատենապետուհի» տիտղոսը շնորհելու մասին։ Յուզիչ պահ էր. ծափահարութիւններու տակ Պատրիարք Հօր ձեռամբ Տիկին Տիանային յանձնուեցաւ խորհրդանշական յուշանուէր մը, իսկ խնամակալուհիներէն Պեսսէ Գապաք լամբակին վրայ ամրացուց յատուկ կրծքանշան մը։
Հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը աւետելով որ յաջող արդիւնք մը ապահովուած էր։ Շնորհաւորեց բոլորը, մաղթելով որ Գալֆաեան տան դռները անսասան եւ բաց մնան սաներուն առջեւ։

