Գալֆաեանի Տան ընտանիքը կը պատրաստուի նշելու հիմնադրութեան տարեդարձն ու Սիրոյ Սեղան մը սարքելու վարժարանի ի նպաստ։ Այս հանդիսութիւններու սեմին, երկար տարիներ յետոյ, երէկ, 20 Նոյեմբերի կէսօրուայ ժամերուն, Հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ Շիշլիի հայոց գերեզմանատան մէջ։ Գալֆաեանի Խնամակալութեան Ատենապետուհի Տիկին Թամար Գարասու-Մայօղլու, գործակիցներէն Սիմոն Գումրալ, Պեսսէ Գապաք եւ Օտէթ Ճանտան, տնօրէնուհի Թամար Ներկիս, նախկին գալֆաեանցիներ, դպրոցի 6 եւ 7րդ դասարաններու աշակերտներ, համակիրներ, հաւաքուեցան ողբացեալ մայրապետներու եւ քոյրերու դամբարանին առջեւ։
Հոգեհանգստեան կարգը կատարեցին Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ապա տղոց եւ միւսներուն խօսելով, Տամատեան Հայր Սուրբը ընդգծեց թէ կարեւոր օր մըն է ասիկա, առիթ, որ յիշատակենք եւ գիտնանք թէ ինչպիսի պայմաններու տակ, ինչպիսի դժուարութիւններու մէջ, ինչպիսի մեծ տեսլականով մը, յատկապէս Սրբուհի Մայրապետը դարձաւ հիմնադիրը Գալֆաեան որբանոցին եւ հիմնադրեց այնպիսի որբանոց մը, որ մինչեւ այսօր տակաւին կը շարունակէ գործել համայնքի զաւակաց։ Դիտել տուաւ որ ասիկա առանձնաշնորհում մըն է, որովհետեւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ մէջ հազուագիւտ է մայրապետներու ներկայութիւնը։ «Պոլսահայութեան համար ուրախութիւն է որ այս քաղաքին մէջ ունեցած ենք մեր մայրապետները, որոնք Ս. Մարիամ Աստուածածնի եւ իւղաբեր կիներու նմանողութեամբ ծառայութիւն մատուցած են մեր եկեղեցիին ու ժողովուրդի զաւակներուն իրենց համար դառնալով բառիս բուն իմաստով՝ ճշմարիտ մայրեր», շեշտեց Հայր Սուրբը։
Շարունակելով իր խօսքը, Յարութիւն Վարդապետ ըսաւ որ երբ այստեղ կուգանք, կուգանք անոնց ներկայութեան, ըստ քրիստոնէական հաւատքի, կը հաւատանք որ անոնք կը լսեն մեր աղօթքները, կ’ուրախանան տեսնելով որ իրենց հիմնադրած վարժարանին մէջ կան հետեւորդներ, կան աշակերտներ, ծնողներ եւ բարերարներ եւ անոնք տակաւին կը շարունակեն բարձր պահել իրենց յիշատակը։ «Հետեւաբար այս արարողութիւնը մեզի համար բախտ մըն է, մեր բերնէն ելած աղօթքները իրապէս թող դառնան այս տարուայ Գալֆաեանի տարեկան տօնախմբութեան պատմութեան անցնելիք հանդիպում մը։ Կիրակի օրուայ Ս. Պատարագի ընթացքին մեր պարտականութիւնը պիտի կատարենք, մեր ժողովուրդին ցոյց պիտի տանք Գալֆաեանի ներկայութիւնը, բայց այս պահը ո՛չ թէ ժողովուրդի ներկայութիւնը փաստելու պահն է, այլ մե՛ր ներկայութիւնը փաստելու պահը այս հիմնադիր մայրապետներուն եւ յատկապէս քոյրերուն, որոնք սպասաւորեցին մեր նախնեաց, մեր մայրերուն համար», շեշտեց Հայր Սուրբը։
Բոլորը միասին աղօթեցին որ օրհնեալ մնայ մայրապետներուն եւ քոյրերուն յիշատակը, այդ յիշատակը իր նպատակով, արդար տեղ ունենայ ժողովուրդի սրտին մէջ, Գալֆաեան անունը դարձնելով սիրոյ եւ ծառայութեան խորհրդանիշ։

