İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ՏԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ՝ ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ

Գալֆաեան Տունը իր 159ամեայ անցեալով ո՛չ միայն կրթօճախ է, այլ ազգային պատկանելիութեան, հոգածութեան ու անսակարկ նուիրումի խորհրդանիշ մը, որ հաստատուն տեղ կը պահէ համայնքային տարեգրութեան մէջ։ Անիկա մաս կը կազմէ մեր համայնքային յիշողութեան, ուր զաւակներուն տրուած գուրգուրանքը վերածուած է սերունդներ ձեւաւորող ժպիտներու։ Գալֆաեանը մէկն է այն երկու հաստատութիւններէն, որոնք գիշերօթիկի դրութիւն ալ ունին, գուրգուրալից բոյն դառնալով զաւակներուն համար բոլոր այն ընտանիքներու, որոնք կա՛մ գաւառներէն են, կա՛մ անապահով վիճակի բերումով կը ստիպուին գիշերօթիկ թողուլ իրենց երախաները։

Պահել ու պահպանել Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեանի թանկագին ժառանգը եւ հայու ինքնութեամբ մեծցնել աշակերտները։ Ա՛յս եղած է նախկին շրջաններու բոլոր խնամակալութիւններու գործունէութեան կարգախօսը։ Հիմա պատասխանատուութեան «հասցէատէր»երը Տիկին Թամար Գարասու-Մայօղլուն եւ ընկերներն են, որոնք երեք տարիէ ի վեր ոգի ի բռին աշխատութիւն կը տանին իրենց վստահուած բարոյական ժառանգութիւնը կանգուն պահելու ուղղութեամբ։

Այս Կիրակի, 23 Նոյեմբերին, Գումգաբուի Մայր եկեղեցւոյ զանգակներու ղօղանջները համայնքը պիտի մէկտեղեն Գալֆաեան Տան հիմնարկութեան 159ամեակի առիթով մատուցուելիք Ս. Պատարագի եւ ապա՝ Սիրոյ Սեղաններու շուրջ։ Հանդիսութիւններու սեմին, երէկ, 19 Նոյեմբերի կէսօրէ ետք, Խմբագրատուն այցելեցին Ատենապետուհի Թամար Գարասու-Մայօղլուն ու գործակիցներէն Վիլմա Գարա։

Մեզի համար եւս տարբեր տեղ մը ունի այս կրթօճախը ու որպէս հայ թերթ՝ «հոգածութիւն»ը փոխանցուած է մեր ողբացեալ Խմբագրապետին Ռ. Հատտէճեանի կողմէ։ Ուստի մտերմիկ զգացումներով ընդունեցինք հիւրերը եւ շահեկան զրոյց մը ունեցանք անոնց հետ։ 

Գաղափարակիցներ էինք բազմաթիւ նիւթերու շուրջ, միշտ առանցքի վրայ ունենալով Գալֆաեան վարժարանը։ Քանիցս գրած ենք. այո՛, այս կրթօճախի մէջ աշակերտներու թիւը փոքր է, բայց նախախնամական դեր մը վերապահուած է այս հաստատութեան՝ իբրեւ սերունդներ հասցնող մաքուր ակունքի մը։

Դպրոցէն ներս գործերը լաւ կ’ընթանան։ Տնօրէնուհի Թամար Ներկիս եւ Ուսուցչաց կազմի անդամները նուիրումով կ’աշխատին, տղոց մտքի ու հոգիին մէջ սերմանելով հայեցի կրթութեան թանկագին հունտերը։ Համայնքին մէջ կան ազնուասիրտ բարերար-բարերարուհիներ, որոնք իրենց «շուքին տակ» կը պահեն այս հաստատութիւնը ու միշտ զօրավիգ կը կանգնին բոլոր նախաձեռնութիւններուն։ 

Անցեալ տարի, Անատոլուի ափի համայնքային հաստատութիւններու միջեւ հաստատուած շինիչ համագործակցութեան ոգին տիրական է։ Այս Կիրակիի Սիրոյ Սեղանին եւս Գալֆաեանի խնամակալութիւնը կը վայելէ այդ քոյր հաստատութիւններու բարոյական ու նիւթական զօրակցութիւնը։ Մատաղի կարգադիր յանձնախումբը ձեւաւորուած է Անատոլուի ափի հաստատութիւններու անդամներէն եւ ինչպէս նշեց Ատենապետուհին, բոլորը իրենց աւանդը կը բերեն։

Համայնքային կեանքէն ներս բացառութիւն է Գալֆաեանի պարագան։ Թերեւս միակ հաստատութիւնը ուր բոլոր վարչայինները, բացի մէկ հոգիէ, իգական սեռի ներկայացուցիչներ են եւ որպէս կին կամ մայր իրենց բազում պատասխանատուութիւններուն առընթեր, որպէս խնամակալներ կը ծառայեն գիտակցութեան բարձր զգացումներով։ Դիւրին չէ, միշտ վազքի մէջ են, աշխոյժ կապեր կը հաստատեն, կը ջանան արթուն պահել Գալֆաեանի նկատմամբ ուշադրութիւնը, ապահովելով որ յառաջիկայ տարիներուն ինքնաբաւ ըլլայ այս հաստատութիւնը, կը հաւատան որ Գալֆաեան Տուն հասկացողութիւնը պարզ անուն մը չէ, այլ ազգապահպան յանձնառութիւն։

Այս տարուան պիւտճէի բացը 13 միլիոն լիրա է։ Խնամակալները կը յուսան առնուազն 9 միլիոն լիրայի զօրակցութիւն ստանալ համայնքային հաստատութիւններէն ու բարերարներէն։ Գնահատելի է որ թափանցիկ կ’աշխատին, իրենց հաշուետուութիւնը ճակատաբաց կը ներկայացնեն զանազան առիթներով։

Յաջողութիւն կը մաղթենք Խնամակալներուն, յուսալով որ այս Կիրակիի Սիրոյ Սեղանը գոհացուցիչ արդիւնք կ’ապահովէ Գալֆաեանի ընտանիքին։

https://www.normarmara.com/201125lu.html