İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՆ ԱՆԱՏՈԼՈՒԻ ԱՓԻ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Գալֆաեան Տան տարեկան հանդիսութիւններուն ընդառաջ, նախընթաց օր, հաստատութեան Խնամակալութեան Ատենապետուհի Տիկին Թամար Գարասու-Մայօղլու եւ անդամներէն Պեսսէ Գապաք մէկտեղուեցան Անատոլուի ափի հաստատութիւններու պատասխանատուներուն հետ։ Այս անգամուայ հանդիպումը հիւրընկալեց եւ համակարգեց Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանքի Խնամակալութիւնը։ Օրակարգի գլխաւոր հարցը մատաղօրհնութեան նախապատրաստութիւններն էին։ Ժողովականները քննարկեցին ցարդ կատարուած աշխատանքը եւ գործի բաժանում ըրին՝ 23 Նոյեմբերին նախատեսուած մատաղօրհնութեան ու սիրոյ սեղանի համար։

Անատոլուի ափի հաստատութիւններու պատասխանատուները քննարկեցին թէ ինչպէ՞ս կրնան ծառայել համայնքի անդամներուն, մասնաւորաբար իրենց ափի վրայ ապրողներուն՝ Նոր Տարուայ, կրօնական տաղաւար տօներու եւ հաստատութիւններու յատուկ տարեդարձներու լոյսին տակ։ Հիմնուեցան աշխատանքային խումբեր։ Յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ 3 Դեկտեմբերին, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի կազմակերպութեամբ։

https://www.normarmara.com/131125lu.html