Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ու ԷՐՎԱՊ-ի Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու Իտալիոյ մէջ անկումի մը հետեւանքով վիրաւորուած ու անմիջապէս վերադարձած է Պոլիս։ Ողնոսկրներէն մէկուն վրայ բեկում մը ախտորոշելով՝ բժիշկները որոշած են Երկուշաբթի վիրաբուժական գործողութիւն մը իրականացնել կատարեալ բուժումի համար։
Անցեալ ըլլայ կ՚ըսենք մեր սիրելի բարեկամին ու արագ ապաքինում կը մաղթենք։
https://www.facebook.com/photo/?fbid=750172264709523&set=a.135021036224652

