Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 4 Նոյեմբեր 2025, Երեքշաբթի, ընդունեց Թուրքիոյ Սուրբգրոց Ընկերութեան տնօրէն Թամար Քարասու-Մայօղլուն։
Ինչպէս ծանօթ է, Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի 1700-ամեակին առթիւ Թուրքիոյ Սուրբգրոց Ընկերութիւնը 16 Մայիս 2025ին միօրեայ գիտաժողով մը կազմակերպած էր: Նոյն ժողովի զեկոյցները ի մի հաւաքելով պատրաստուած էր գեղեցիկ հատոր մը՝ «İznik Konsili’nin mirası: İnanıyoruz» (Նիկիոյ ժողովի ժառանգը՝ Կը հաւատանք), որուն մէկ օրինակը մեր Հոգեւոր Պետին յանձնեց Թամար Քարասու-Մայօղլու:
Մեր Հոգեւոր Պետը հոգեւոր ուրախութեամբ ողջունեց նորատիպ գիրքը եւ ըսաւ, որ այս մէկը Թուրքիոյ եկեղեցիներու ներդրումն էր Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի 1700-ամեակին։ Նորին Ամենապատուութիւնը տնօրէնի անձին մէջ գնահատեց Թուրքիոյ Սուրբգրոց ընկերութիւնը ու բոլոր ներդրում ունեցողները, յարգանքով խոնարհեցաւ Տիեզերական առաջին այս ժողովի կազմակերպողներուն ու վարդապետներուն օրհնեալ յիշատակին առջեւ ու մաղթեց միշտ հաստատ մնալ իրենց գրի առած հաւատոյ հանգանակին՝ ժողովրդական ասոյթով «Հաւատամք»ին վրայ:
https://www.facebook.com/photo?fbid=1133966342273263&set=a.388050840198154

