İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

Գիւտ Խաչի տօնը նշուեցաւ Հռոմի Ս. Վլաս Եկեղեցւոյ մէջ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 25 Հոկտեմբեր 2025, Շաբաթ միջօրէին Ստանպուլի Օդակայանէն ճամբորդեց դէպի Հռոմ։

Հռոմի Ս. Էջիտիօ Միաբանութեան հրաւէրով, մեր Հոգեւոր Պետը պիտի մասնակցի միաբանութեան տարեկան հաւաքին եւ պատգամը պիտի արտասանէ։

Այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան որպէս գաւազանակիր կ՚ընկերանայ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։

*

Իսկ երէկ՝ 26 Հոկտեմբեր՝ Գիւտ Խաչի տօնին Նորին Ամենապատուութիւնը Հռոմի Ս. Վլաս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս Պատարագին նախագահեց եւ քարոզեց։ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան բարի գալստեան խօսքով ողջունեց մեր Հոգեւոր Պետը, ինչպէս նաեւ պատարագիչ՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութեանց գրասենեակի տնօրէն Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեանը, որ նոյնպէս այս օրերուն Վատիկանի մէջ կը մասնակցի միջեկեղեցական արարողութեանց։

Ս. Սեղանին սպասարկեցին Հռոմի մէջ ուսանող եւ հայ համայնքին սպասաւորող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թեբիրճեանը եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբան Հոգշ. Տ. Աթանաս Աբղ. Սարգսեանը։

Հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ նորոգ հանգուցեալ երախտաւոր միաբան Գիսակ Արքեպս. Մանուկեանի, Հռոմի հայ համայնքէն Օշին Մարտայեանի, ինչպէս նաեւ բոլոր ննջեցեալներու հոգիներուն ի հանգիստ:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, եկեղեցւոյ սրահին մէջ մտերմիկ ու ճանաչողական զրոյց տեղի ունեցաւ Պատրիարք Հօր եւ Հռոմի Հայ համայնքի ներկայացուցիչներու միջեւ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad