İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Պէյօղլուի ընտանիքը հիւրերու ընտրեալ խումբ մը համախմբեց զոյգ առիթներու շուրջ

ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 130ԱՄԵԱԿՆ ՈՒ «ՆԱՐԵԿԵԱՆ» ՍՐԱՀԻ ԲԱՑՈՒՄԸ ՈՂՋՈՒՆՈՒԵՑԱՆ «ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ» ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ

Երէկ, 23 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ շրջափակը ժամադրավայր դարձաւ բացառիկ զոյգ առիթներու համար։ Թաղային Խորհուրդն ու Էսաեան վարժարանի տնօրէնութիւնը հիւրերու ընտրեալ խումբ մը հրաւիրած էին միասնաբար ողջունելու Էսաեան վարժարանի 130ամեակի հանդիսութիւններու մեկնակէտը, նաեւ մասնակցելու վերանորոգուած «Նարեկեան» սրահի բացման։ Իսկ «բացառիկ» ըլլալու հանգամանքը այն էր որ առաջին անգամ ըլլալով հայկական ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը կը դառնար միջոցառումներու «զարդ»ը որպէս հոյակապ նախաձեռնութիւն մը։

«Ամերիկացի» ժապաւէնը քաղաքս «եկած է» Պէյօղլուի ընտանիքի ծափահարելի մտայղացումով, սիրուած երգչուհի Սիպիլի անմիջական աջակցութեամբ ու երէկ, ահաւասիկ Պէյօղլուի եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի հրաւէրով, համայնքային շրջանակներէն շուրջ 200 հոգի ներկայ գտնուեցան նախ «Նարեկեան» վերանորոգուած սրահի բացման, ապա շարժանկարի ցուցադրութեան։

Ձեռնարկը պատուեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, իր շուրջ ունենալով Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը, Պատրիարքական փոխանորդ՝ Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը, Պէյօղլուի եկեղեցեաց քարոզիչ՝ Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, Շնորհք Վրդ. Տօնիկեանը, Արժ. Տ. Տ. Գէորգ եւ Կորիւն Աւ. Քահանաները։

Պէյօղլուի ամբողջ ընտանիքը, նաեւ բեմադրիչ Մայքըլ Կիւրճեանը, որ եկած էր անձամբ ներկայ գտնուելու անդրանիկ ցուցադրութեան, տանտիրոջ հանգամանքով կը դիմաւորէին բոլոր ժամանողները։

Նախ քոքթէյլ մը սարքուեցաւ «Նարեկեան» սրահի ընդունելութեանց բաժնին մէջ, ուր հիւրերը առիթն ունեցան զրուցելու բեմադրիչին հետ, շնորհաւորելու Էսաեան վարժարանի 130ամեակը, իրենց գնահատանքը յայտնելու Աքսէլ Թօփալեանի գլխաւորած Թաղային Խորհուրդին, միւս կողմէ սակայն անհամբերութեամբ սպասելու նաեւ «Ամերիկացի»ի ցուցադրութեան։

Յետոյ բոլորը միասնաբար անցան «Նարեկեան» սրահի դահլիճ եւ շարժանկարի սփռումէն առաջ, Մայքըլ Կիւրճեանի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, Արամ Սրբազանի, Ատենապետ Աքսէլ Թօփալեանի ու այլոց կողմէ կտրուեցաւ բացման խորհրդանշական ժապաւէնը։ Բոլորին բաժնուեցաւ գունաւոր տպագրութեամբ գրքոյկ մը, որ կը պատմէր Էսաեան վարժարանի 130ամեայ «ճամբորդութեան» մասին, նաեւ լոյս կը սփռէր ապագայի տեսլականներու վրայ, յարգանքի տուրք մատուցանելով Էսաեան եղբայրներու եւ բոլոր երախտաւորներու յիշատակին։

Հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան ողջոյնի խօսք արտասանեց յանուն Պէյօղլուի ընտանիքին, անդրադառնալով վարժարանի պատմականին, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր աջակիցներուն։

Ապա սկսաւ ժապաւէնի ցուցադրութիւնը։ Բոլորը մէկ մարդու նման շունչերը պահած դիտեցին այդ հոյակապ շարժանկարը, որ խորունկ շերտերով կը ներկայացնէր գլխաւոր հերոսի կեանքի ոդիսականը՝ արմատներուն եւ ինքնութեան կառչելու, ազատութիւն տենչալու մարդկային «իրաւունք»ի լոյսին տակ։ Աւարտին, Պէյօղլուի ընտանիքին կողմէ Պատրիարք Հօր ձեռամբ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Մայքըլ Կիւրճեանին։ Ներկաներէն շատերուն աչքերը տամկացած էին, բոլորն ալ տպաւորուած էին ժապաւէնի գեղարուեստական բարձր որակէն, բայց ինքնութեան փնտռտուքը օրուայ «գլխաւոր» դասն էր իր գագաթային պահերով։

Վերջաւորութեան բեմադրիչը բեմ բարձրացաւ ու իր սրտի խօսքը արտասանեց, ըսաւ որ այս ժապաւէնով զանազան գաղութներ շրջած է, առիթը ունեցած է մօտէն ճանչնալու զանազան հայ համայնքներ, եւ նկատած է, թէ Սարոյեանի ըսածին նման երբ երկու հայ քով քովի գան անմիջապէս Հայաստան մը կը հիմնեն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Սիպիլին ու աւետեց թէ մօտ ատենէն իրենք միասնաբար նոր երգով մը հանդէս պիտի գային։ Իր խօսքին վերջաւորութեան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն։

Հուսկ բանքն ալ արտասանեց Պատրիարք Հայրը, որ նախ Հայերէնով, յետոյ անգլերէնով եւ թրքերէնով նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց Պէյօղլուի ընտանիքին, շնորհաւորեց զոյգ առիթները եւ յարատեւութիւն մաղթեց։ Խօսք ուղղելով նաեւ Մայքըլ Կիւրճեանի, զայն շնորհաւորեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր ներկայութեան համար։

Գալով այս հիանալի ժապաւէնի նիւթին։

Հայաստանի մէջ նկարահանուած «Ամերիկացի» ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը կայացած է «Ոսկէ ծիրան-2022» միջազգային ժապաւէնի փառատօնին, Երեւանի «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ։ Ժապաւէնին երազային նախաբանը կը պատմէ հայ երիտասարդի մը մասին, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն կը փրկուի հայ ժողովուրդին հետ պատահած ողբերգութենէն։ Անոր աչքերուն առջեւ կը գծագրուի Արարատ լերան պատկերը, հակառակ որ անիկա կը գտնուի ժամանակակից Թուրքիոյ տարածքին, սակայն խոր ու լուրջ նշանակութիւն ունի հայ ժողովուրդին համար՝ իբրեւ ազգային խորհրդանիշ։

Տասնամեակներ յետոյ, 1947 թուականին, տղամարդը, որուն անունը Չարլի է, կը վերադառնայ Հայաստան եւ կը յայտնուի «կատակերգութեան» կիզակէտին մէջ։ Չարլի, Միացեալ Նահանգներ ապաստան գտած, ընդառաջելով Խորհրդային Միութեան հայրենադարձութեան կոչին, կու գայ Հայաստան։ Չարլիի՝ հայրենիքին հետ կապուած բոլոր յոյսերն ու սպասումները շուտով կը մարին, երբ ամերիկահայ հայրենադարձը կը բախի համայնավարութեան դաժան իրականութեան հետ։ Չարլի կը դատապարտուի իր «արեւմտեան հակումներուն»՝ փողկապ կապելու անհեթեթ յանցագործութեան մեղադրանքին պատճառով, կը ձերբակալուի ու կը բանտարկուի։

Չարլի հայերէնին չի տիրապետեր, եւ իբրեւ ամերիկացի՝ հայաստանեան մշակոյթը իրեն համար բոլորովին խորթ է, հետեւաբար յաճախակի անհասկացողութիւններն ու թիւրիմացութիւնները, ինչպէս նաեւ իր կրած հերթական ֆիզիքական պատիժները պատճառ կը դառնան, որ Չարլի ընկճուի եւ յանձնուի։ Իրավիճակին ամբողջ լրջութիւնն ու սարսափը գիտակցելով միատեղ, Չարլի պատահմամբ կը յայտնաբերէ, որ իր բանտախուցի արտաքին պատը վնասուած է երկրաշարժի պատճառով, յառաջացնելով ճեղք մը, որուն մէջէն կրնայ տեսնել բանտին մօտ գտնուող բազմաբնակարան շէնքի տուներէն մէկուն մէջ ապրող հայ զոյգ Ռուզանն ու Տիգրանը, դերասաններ՝ Նարինէ Գրիգորեանը եւ Յովիկ Քէօչքրեանը։ Անոնք շուտով կը դառնան Չարլիի միակ կապը արտաքին աշխարհին հետ։ Չարլի, իր խուցին մէջ, անոնց հետ կը ճաշէ, կ’ընթրէ, կ’երգէ, կը պարէ, կ’ուրախանայ, կը տխրի, կը խնդայ, կու լայ եւ նոյնիսկ, առանց իսկ անդրադառնալու, կը սկսի ճանչնալ իրեն համար նախապէս բոլորովին անծանօթ հայկական մշակոյթը։

«Էմմի» մրցանակի դափնեկիր Մայքըլ Կիւրճեան երեք գլխաւոր պաշտօն ունի այս ժապաւէնին մէջ։ Ան թէ՛ բեմագիրն է, թէ՛ բեմադրիչը եւ թէ գլխաւոր դերասանը։

«Ամերիկացի»-ին երաժշտութիւնը գրած է հանրածանօթ երաժիշտ, երգահան եւ խմբավար Անդրանիկ Պէրպէրեանը, իսկ երաժշտութիւնը ձայնագրուած է Հայաստանի Ազգային սենեկային նուագախումբին կողմէ՝ Եդուարդ Թօփչեանի մականին ներքեւ եւ ջութակահար Անոյշ Նիկողոսեանի մենակատարութեամբ։

Ժապաւէնին ընթացքը բնական է, երկխօսութիւնը՝ քիչ, սակայն կատակերգութիւնը՝ անպակաս։ Լրջօրէն գնահատելի է ժապաւէնին բեմադրական ձեւաւորումը, որուն ընդմէջէն ցուցադրուած տեսարանները դիտողը կը տեղափոխուի Խորհրդային Հայաստան։ Միքայէլ Կուրճեան ժապաւէնը նուիրած է իր պապիկին, որ տեսած է 1915 թուականի արհաւիրքը։ Ան փորձած է վերստեղծել իր անձնական ողբերգութիւնը, հաւաքելով այն ամէնը, որ իրմէ խլած էին տակաւին աշխարհ գալէ շատ առաջ։

Միքայէլ Կուրճեանի ժապաւէնը Խորհրդային Հայաստան հայրենադարձուած Չարլիի յուզիչ պատմութիւնն է՝ հայրենիքը վերագտնելու, թէկուզ բանտի ճաղավանդակներու ետեւէն անսահմանօրէն սիրելու անսպառ համբերութեան, յոյսի եւ սիրոյ մասին։ Ժապաւէնը նաեւ բուժիչ բալասան կը հանդիսանայ նոյնիսկ ամենակարծրացած հոգիներուն համար, որովհետեւ յոյսի եւ ամենավատ պայմաններու մէջ գոյատեւելու արուեստի մասին է։

Կը շնորհաւորենք Պէյօղլուի ընտանիքը այս աննախընթաց ձեռնարկի ու յաջողութեամբ պսակումին համար։ Վստահ ենք որ «Ամերիկացի»ն արձագանգներ պիտի բերէ մարդկային ճկուն միտքէն, որովհետեւ հոգիին մէջ կայ բան մը որ գեղեցկութիւն կը գտնէ նոյնիսկ ամէնէն անտանելի պայմաններուն տակ։

https://www.normarmara.com/241025lu.html