İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 24 Հոկտեմբեր 2025, Ուրբաթ, ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, առաջնորդութեամբ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի եւ գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Մարի Եանճըի։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ յառաջիկայ 16 Նոյեմբեր 2025, Կիրակի պիտի կատարուի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան կարգով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ ու Տատեան վարժարանի հանգուցեալ սատարողները։ Այցելուները Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստացան եւ արարողութեանց նախագահելու համար հրաւիրեցին Նորին Ամենապատուութիւնը։ Անոնք յատկապէս շեշտեցին, Տատեան Վարժարանի ունեցած նեղութիւնները եւ հարցերու կապակցութեամբ շօշափեցին Պատրիարք Հօր գաղափարները։

Մեր Հոգեւոր Պետը, հիւրերը ողջունեց եւ լսեց իրենց փոխանցած տեղեկութիւնները։ Պատրիարք Հայրը, այս առթիւ կարեւորեց Պաքըրգիւղի առաքելութիւնը համայնքային կեանքէ ներս եւ հայրական թելադրութիւններ ըրաւ այցելուներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց թէ՝ այս դժուարին օրերուն եւս, միասնականութեան ոգիով պիտի յաղթահարուէին բազում նեղութիւններ։ Այս առիթով գնահատեց վարչայիններու աննկուն կամքը եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց, եկեղեցանուէր ու կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։

https://www.facebook.com/photo/?fbid=1123640819972482&set=a.388050840198154