«Ազնաւուր» հիմնադրամը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, տեղեկացուց որ 102 տարեկան հասակին մէջ կեանքէն հեռացած է Շարլ Ազնաւուրի քոյրը՝ Աիտա Ազնաւուր-Կառվարենցը։ Նորոգ հանգուցեալը կողակիցն էր Ժորժ Կառվարենցի։ Ան պիտի յուղարկաւորուի Մոնֆոր-լ’Ամորիի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ, իր ընտանիքի անդամներու եւ ամուսնոյն կողքին։

