İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 8 Հոկտեմբեր 2025, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ Երէց՝ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանի եւ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հերման Կիւրճեանի։

Թաղային Խորհուրդի անդամները Պատրիարք Հայրը հրաւիրեցին նախագահելու իրենց անուան տօնախմբութեան, որ պիտի կայանայ 18 Հոկտեմբեր 2025, Շաբաթ։ Անոնք Պատրիարք Հայրը տեղեակ պահեցին նաեւ իրենց գործունէութեանց մասին։

Նորին Ամենապատուութիւնը լսեց հիւրերուն փոխանցած տեղեկութիւնները եւ տեղի ունեցաւ գաղափարի փոխանակում։ Այս առիթով, Պատրիարք Հայրը յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն իրենց աշխատութեանց մէջ։

https://www.facebook.com/photo?fbid=1109949944674903&set=a.388050840198154