İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ

Ստանպուլահայ միութիւններ 5 Հոկտեմբեր 2025, Կիրակի, Գալֆաեան Վարժարանի Սկիւտարի պարտէզին մէջ սարքեցին Միասնութեան Փառատօնը:

Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ պաշտամունքէն ետք, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը եւս այցելեց փառատօնի վայրը ու դիմաւորուեցաւ պատասխանատուներու կողմէ:

Փառատօնին իրենց օժանդակութիւնը բերած էին Սկիւտարի եւ Քարթալի քաղաքապետութիւնները, ինչպէս նաեւ Պէյքօզի, Գուզկունճուքի, Սկիւտարի Ս. Խաչ եւ Ս. Կարապետ, Օրթագիւղի եւ Պէյօղլուի մեր եկեղեցիներու թաղային խորհուրդները: Ձեռնարկին անհատական ներդրում ունեցած էին նաեւ Մանուկ Քալայճը, Կարօ Եանճը, Չավուշեան եղբայրեր եւ Պօղոս Քիւրքճեան:

Օրուան իրենց երգով մասնակցեցան Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճու, Մարալ Աթաման, Ալէն Ցնծալ, Պարթեւ, Արի Հալաճեան, Ռաֆֆի Նէրժան, իսկ պարով իր մասնակցութիւնը բերաւ Յակոբ Արի Կիւլէչ:

Իւրայատուկ փառատօնի ընթացքին կար երգ, պար, մանուկներու համար խաղեր ու զուարճութիւններ ու տօնավաճառ:

Նորին Ամենապատուութիւնը շրջեցաւ պարտէզը եւ ուրախութիւնը յայտնեց տիրող երուզեռի պատճառաւ: Միջօրէէն մինչեւ ուշ երեկոյ տեւող Միասնութեան փառատօնը համախմբեց հարիւրաւոր անձեր, որոնք ուրախ տրամադրութեամբ զուարճացան:

Լուսանկարներ՝ ԼՐԱԲԵՐ

http://Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad