İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՌԱՖՖԻ ՓՈՐԹԱՔԱԼԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 3 Հոկտեմբեր 2025, Ուրբաթ, ընդունեց ծանօթ հնահաւաք, հնագէտ ու գործարար Ռաֆֆի Փորթաքալն ու դուստրը՝ Մայան:

Ինչպէս ծանօթ է, անոնք հեղինակութիւն կը համարուին արուեստի շրջանակներէն ներս, եւ իրենց Փորթաքալ արուեստի տունը այդ բանագաւառի առաջատարներու շարքին է՝ իր լուրջ ներդրումով: Ռաֆֆի Փորթաքալ Պատրիարքարանի շէնքի մեծ նորոգութեան ու բարեզարդման շրջանին ալ ունեցած էր իր գործօն մասնակցութիւնը:

Ռաֆֆի եւ Մայա Փորթաքալները երկար ատեն ետք իրականացած սոյն այցելութեամբ յայտնեցին, թէ փափաքած էին գտնուիլ Պատրիարքարանի սրբազան յարկի ներքեւ եւ ստանալ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ կարծիքի փոխանակում ունենալ արուեստի հարցերու շուրջ։ Անոնք տեղեկութիւն տուին նաեւ իրենց ծրագիրներուն եւ գործունէութեանց մասին։

Մեր Հոգեւոր Պետը ողջունեց Փորթաքալները, խրախուսեց իրենց ծրագիրները, օրհնեց զանոնք ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Յարգելի հիւրերը ապա առաջնորդութեամբ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի, շրջեցան Աթոռոյ Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարանը եւ տեղեկութիւն ստացան ցուցադրուած գոյքերու մասին:

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad