İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵՐ ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

«Մարդ մը բառերու պարտք կրնա՞յ ունենալ»։ Այս խորագրով յօդուած մը լոյս տեսած է «Ակօս» շաբաթաթերթի 12 Սեպտեմբեր թիւին մէջ։ Հեղինակն է Վահագն Քէշիշեան, որու հետաքրքրութիւններու շրջանակը կը կազմեն գրական, հասարակական եւ մշակութային հարցերը։ Գրութիւնը ունի յուշագրական եւ արժեւորման բնոյթ, ընդգծելու համար Հատտէճեանի դերը ո՛չ միայն իբրեւ լրագրող եւ գրող, այլեւ իբրեւ մտաւոր կամուրջ Իսթանպուլի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան միջեւ։ Հեղինակը ընթերցողին կը յիշեցնէ, որ Հատտէճեանի գրիչը եւ կեանքը դարձան հայ գրականութեան, լեզուի ու հասարակութեան գոյութեան ամուր օղակ։ Յօդուածը գրուած է թրքերէնով, զայն արեւմտահայերէնի թարգմանելով կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն։

Ռոպէր Հատտէճեանի մահէն ետք…

Ռոպէր Հատտէճեան գուցէ հրաժեշտ տուած է կեանքին, բայց ան մեզի թողած է անծայրածիր ու անսահման վաստակ մը։ Մենք կանգնած ենք անսահման արտադրութեան մը դիմաց։ Կը հասկնանք չէ՞՝ այս պատմութիւնը միայն մէկ անհատի մասին չէ, այլ ամբողջ ժամանակաշրջանի մը պատմութիւնը կը ցոլացնէ։ Ռոպէր Հատտէճեան ամենափայլուն ու ամենաերկար օղակներէն մէկն է այն շղթայի, ուր իրարու հետ կ’ագուցուին գրականութիւնը, լեզուն ու հասարակութեան գոյութիւնը։

6 Սեպտեմբեր 2025-ին, 99 տարեկան հասակին՝ Ռոպէր Հատտէճեան հեռացաւ մեզմէ։ Ան իսկական մտաւորական մըն էր՝ բառին ճշմարիտ իմաստով։ Մտաւոր (արմատը՝ միտք) կը նշանակէ մտքի, գաղափարի լայն հորիզոն ունեցող անձ։ Թրքերէն կը թարգմանեն «այտըն»։ Ռոպէր Հատտէճեան ալ «այտըն» մըն էր։ Բայց մտաւորական ըլլալը միայն արհեստի մը կամ կոչումի մը հարց չէ։ Կարելի է բժիշկ, լրագրող, գրող կամ ուսուցիչ ըլլալ, բայց մտաւորական ըլլալ՝ աւելին կը պահանջէ լեզուն, գրականութիւնը, հանրային յիշողութիւնը քու մէջ կրել, զանոնք սեփական կեանքիդ մէջ շաղախել։ Եւ ատով ալ չի սահմանափակուիր ամբողջ հաւաքականութեան մը պատասխանատուութիւնը եւս քու ուսերուն վրայ է։ Հատտէճեան՝ բառին բոլոր երեսակներով, այդպիսի մտաւորական մըն էր։

Խորհեցէք անգամ մը… Գացէ՛ք Երեւան, Պէյրութ, Մոնրէալ, Պուէնոս Այրէս, Փարիզ, Պոսթըն, ուր որ ըլլայ՝ շրջեցէ՛ք աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներուն մէջ ու հարցուցէ՛ք «Իսթանպուլցի հայ մը կը ճանչնա՞ք»։ Պատասխանը ամէն տեղ նոյնը պիտի ըլլայ՝ Ռոպէր Հատտէճեան։

Գաղտնիք չէ, որ արեւմտահայ աշխարհը բաժնուած է Իսթանպուլի ու Սփիւռքի միջեւ, ապրելով պառակտում մը, բայց եթէ այս պառակտումը կը կապուի քանի մը կամուրջներով, ապա Հատտէճեան անկասկած առաջատար դիրքի վրայ էր։ Այսօր այս տարբերութիւնը աստիճանաբար կը մարի եւ մենք ականատեսը կը դառնանք ապաքինող վէրքի մը, յատկապէս Հրանդ Տինքէն ետք բացուած աշխարհի մը մէջ։

Նորահաս սերունդները, ետ դառնալով դէպի 20-րդ դարու արեւմտահայ պատմութիւն, պիտի տեսնեն Հատտէճեանը՝ իր ձգած ժառանգութեամբ, հաստատած կապերով ու կառուցած կամուրջներով։

Այն ատեն աւելի լաւ պիտի հասկնանք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ բաժնուած լեզու մը, աշխարհամասերու միջեւ սփռուած մշակոյթ մը, որ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութեան՝ իրապէս կրցած է գոյատեւել։

«Քաղաքս այցելեց»…։

Անոր աշխատանքի պարզ օրինակներն ալ կը վկայեն։ Օրինակ՝ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրատան մէջ իւրաքանչիւր այցելու լուսանկարուած էր Հատտէճեանի հետ, Ռոպէրը՝ իր անփոփոխ դէմքի արտայայտութեամբ եւ այցելուն՝ անոր կողքին։ Լուրի խորագիրն էր՝ «Քաղաքս այցելեց…»։

Այս փոքրիկ նշումը, իրապէս, համայնքներու միջեւ ստեղծած կապի խորհրդանշական դրսեւորում մըն էր։ Այսպէս, Հատտէճեան արխիւ կը կազմէր Իսթանպուլ այցելողներու մասին։

Ուրիշ օրինակ մը 2002-ի Նոյեմբեր, Նիւ Եորք։ Հատտէճեան, Զահրատ, Խրախունի՝ իրարու կողքին։ Նիւ Եորքի ամբողջ հայկական համայնքը հաւաքուած էր լսելու Մարք Նշանեանի բանախօսութիւնը՝ Իսթանպուլահայ գրականութեան մասին։ Ահա այսպէս կը կառուցուէին կամուրջները։

Եւ ապա՝ 100էն աւելի գիրք…։ Տասնամեակներու ընթացքին ամէն օր գրուած յօդուածներ։ Բոլորն ալ հաւաքուած «Յուշատետր» ընդհանուր վերնագրին տակ։ Նոյն վերնագրով հրատարակուած գրքային շարքեր, եւ թէ ինչպիսի՛ք շարքեր… Տասնեակներով։ «Յուշ» կը նշանակէ յիշողութիւն, իսկ «Յուշատետր«» յուշամատեան։ Պարոն Ռոպէր, այսպիսի տետրակ կ’ըլլա՞յ։ Դուք Իսթանպուլի հայ համայնքին յիշողութի՞ւնը կը փնտռէք։ Ահա՛, ձեր առջեւ է անիկա։ Երբ այս ժառանգութիւնը օր մը դասակարգուի ու մատենագրուի, մեր ձեռքին մէջ պիտի ունենանք տեղեկութիւններու անսահման գանձարան մը։

Կարճ խօսքով՝ Հատտէճեան, որպէս Արեւմտահայերէնի յամառ ու հաւատարիմ պաշտպան, մէկդարեայ կեանքի ընթացքին իր գրիչով միաժամանակ հայելին դարձաւ իր համայնքին եւ անդուլ կերպով գրեց՝ այս համայնքի ինքնութիւնը, վէրքերը, դիմադրութիւնը եւ երազները գալիք սերունդներուն փոխանցելու համար։

1981-ին սկսաւ «Յուշատետր»-երը գիրքերու վերածել։ Առաջին 13 հատորները ընդհանուր նիւթերու մասին էին, ապա եկան միակ թէմայի նուիրուած գրութիւնները, որոնք այդ շարքով գիրքերու վերածուեցան։ Գրութիւնները դարձան գիրքեր, գիրքերը՝ շարքեր։ Եւ այսպէս ծնունդ առաւ երկու տասհատորանի հսկայաշուք շարք առաջինը նուիրուած գրականութեան, երկրորդը՝ լեզուին։

«Պտոյտ մը Հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ» Այս շարքին մէջ ընթերցողը կը մուտք գործէ լայնատարած գրական աշխարհ մը՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեանէն մինչեւ Հայկանոյշ Մառք, Արշակ Չօպանեանէն մինչեւ Շահան Շահնուր, Երուանդ Օտեանէն մինչեւ Զապէլ Եսայեան։ Հատտէճեան ընթերցողին կը ծանօթացնէ այս անունները, կը բացայայտէ անոնց գաղտնիքները։ Ընթերցողը անոնց կեանքէն բազմաթիւ հատուածներ կը սորվի, բայց ամենէն աւելի կը տարուի անոնց յուշերէն, զանոնք դարձնելով իր սեփական կեանքին մէկ մասը։

Երկրորդ շարքը՝ «Պտոյտ մը Հայոց լեզուի բառարանին մէջ»։ Հոս ալ բառերուն հետ կը պարենք։ Երբեմն կը ցնծանք, երբեմն կը տխրինք։ Ոմանք մոռցուած են, ուրիշներ դարձած են առօրեայ կեանքի անբաժան մասնիկ, բայց կը գիտակցինք, որ շատերուն իսկական իմաստը չենք ճանչնար։

Մարդ մը պարտք կրնա՞յ ունենալ բառերուն։

Հատտէճեան ունեցած է։ Բայց ի վերջոյ իր պարտքը վճարած է՝ տասը հատորնոց շարքով մը։ Ան գրքի ծանօթագրութեան մէջ այսպէս ըսած էր. «Եկէ՛ք, սիրելի ընթերցողներ։ Եկէ՛ք միասին պտըտինք հայերէնի բառարաններուն մէջ այսինքն՝ պտըտինք հայ լեզուի գանձերուն մէջ։ Եկէ՛ք ձեռք երկարենք այս լեզուի պահապաններուն, պահապաններ որոնք ուրիշ բան եթէ ոչ բոլոր սերունդներու բառարանները»։

Հատտէճեան խոր ցաւ կը զգար Արեւմտահայերէնի աստիճանական նահանջէն։ Ան մեծցած էր Մխիթարեանական դաստիարակութեամբ։ 1944-ին շրջանաւարտ եղած էր Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարանէն, ուր ստացած գրական ու լեզուական կատարեալ կրթութիւնը առանցքը կազմեց իր գրական ուղեւորութեան։ Սակայն Մխիթարեանցի ըլլալը անհատական կարգավիճակ մը չէ, ան կը ներկայացնէ ամբողջ գրական սերունդ մը։ Այս սերունդը՝ որ Պոլսոյ նուէրն է 20-րդ դարու Արեւմտահայ գրականութեան, լեցուն է գրողներով, որոնք տասնամեակներ շարունակ իրարու գիրկ բացին, զիրար սնուցանեցին, մրցեցան ու ամբողջացուցին զիրար։

Ռոպէր Հատտէճեան այդ սերունդին սիրտը եղաւ։ Իր ընկերները՝ Խաչիկ Ամիրեան եւ Վարուժան Աճէմեան, զինք քաջալերեցին հայերէնով գրել։ Իսկ երբ 1967-ին ստանձնեց «Մարմարա»-ի ղեկավարութիւնը, թերթը վերափոխեց եւ նոր ճամբաներ բացաւ իր գրչեղբայրներուն համար։

Իր գրականութիւնը՝ թատերախաղերուն, բանաստեղծութիւններուն, պատմուածքներուն ու թարգմանութիւններուն կողքին, պսակեց երկու վէպերով։ Այս կէտին վրայ թրքերէն ընթերցողը աւելի բախտաւոր եղաւ «Թաւան» եւ «Թաւանի միւս կողմը» թարգմանուեցան թրքերէնի, այն ալ Հատտէճեանի ողջութեան։ Առաջինը թարգմանեց Անահիտ Հազարեան (նախ՝ Թէլօս, 1997, ապա՝ Արաս, 2018), իսկ երկրորդը՝ Հատտէճեանի անուանակից Ռոպէր Քոփթաշ (Արաս, 2025)։

Թարգմանութիւններու շնորհիւ Հատտէճեանի ձայնը հասաւ աւելի լայն շրջանակներու եւ պիտի շարունակէ հասնիլ։ Ժամանակի ընթացքին անոր աւելի շատ գործերը պիտի թարգմանուին ու տեղ պիտի գտնեն զանազան հարթակներու վրայ։ «Արաս»-էն լոյս տեսած անոր ուրիշ գիրք մը՝ «Ես աղա, դուն աղա, այս ալիւրը ո՞վ աղայ», նուիրուած է հայկական առածներուն։ Այս գիրքը ամէն տարի կը ներառուի հայկական վարժարաններու լեզուի ուսումնական ծրագրին մէջ եւ կը նուիրուի աշակերտներուն։

Ռոպէր Հատտէճեան կրնայ այս աշխարհէն բաժնուած ըլլալ, սակայն մեզի թողած ժառանգութիւնը անսահման է։ Մենք կանգնած ենք անսպառ ստեղծագործական վաստակի մը հետ դէմ առ դէմ։ Բաւական յստակ է, չէ՞։ Ասիկա միայն մէկ անհատի պատմութիւնը չէ, այլ ամբողջ դարաշրջանի մը։ Ռոպէր Հատտէճեան ամենապայծառ եւ ամենաերկար օղակներէն մէկն է այն շղթայի, ուր գրականութիւնը, լեզուն եւ հասարակութեան գոյութիւնը իրարու մէջ կը ձուլուին։

Լուսանկար՝ ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ

https://www.facebook.com/photo/?fbid=713783491681734&set=a.135021036224652