İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԱԻՐԱ ՍԻՒԶՄԷԻ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԸ՝ ՄԱՐՄԱՐԱ-Ի ՆԱԽԿԻՆ ԵՒ ԱՅԺՄՈՒ ԲՈԼՈՐ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՈՎ

Սիրելիներ,

Այսօրուայ մեր խօսքը բեռնաւոր է ոչ միայն վշտով, այլ նաեւ խորին երախտագիտութեամբ։

Մեր սիրելի խմբագրապետը, բարոյական մեր հայրիկը, Պոլսահայ գրչի վարպետը՝ ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԸ, այլեւս մեզի հետ չէ։ Ան գնաց միանալու իր սիրելի Տիկին Սիւզանին, իր գրչեղբայրներուն, Պոլսոյ մտաւորական փաղանգի ոսկեայ սերունդին։

Մենք որբացանք։

Որբացաւ ո՛չ միայն մեր խմբագրակազմը, այլեւ՝ ամբողջ պոլսահայ մամուլը, հայ մտքի արեւմտեան ճակատը, ինչու չէ՝ նաեւ հայ գրականութիւնն ու մշակոյթը։ Որբացաւ Յուշատետր-ի իր սիւնակը՝ իր անձին նման նուրբ, իմաստուն ու սրտաբուխ գրիչով շարադրուած այն անկիւնը, ուր հայ ընթերցողը կը գտնէր մտերմիկ զրոյց, երկխօսութիւն, գրականութիւն ու ճշմարտութիւն։

Պարոն Ռոպէրը միայն խմբագիր չէր։ Ան ուսուցիչ էր՝ բառի ամենաբարձր իմաստով։ Իր գրականութեամբ սերունդներ դաստիարակեց, ոճ ու մտածողութիւն ձեւաւորեց, հաւատք ներշնչեց մեր մշակոյթի, մեր լեզուի, Մեսրոպեան գրի նկատմամբ։

Ան խմբագիր էր, որ խմբագրեց նաեւ իր ընթերցողին միտքը, եւ զայն առաջնորդեց՝ լոյսի, ճշմարտութեան եւ արժէքի ուղղութեամբ։

Այո՛, գրողը կþապրի իր գործով։ Բայց երբ գործը կþանցնի ժամանակի սահմաններէն անդին՝ կը դառնայ կամուրջ, անցեալի աւանդն ու ապագայի յոյսը իրարու կապող միակ կածանը։ Ռոպէր Հատտէճեանի գրիչը այդ կամուրջն էր։ Ան գիտէր ո՛ր բառով խօսիլ սրտերուն, ո՛ր տողով մղել խոկումի կամ սթափեցնել ընթերցողը։

Պարոն Ռոպէրը չքանդեց, այլ կառուցանեց։ Չծածկեց՝ լուսաւորեց։ Խմբագիր-լրագրողի իր հեզակեաց կեցուածքով ջահ դարձաւ ու լոյս վառեց սերունդներուն համար։ Եւ Ռոպէր Հատտէճեանը բախտաւոր էր, որովհետեւ գրեց ու ստեղծագործեց, երբ Պոլսահայութիւնը իր ոսկեդարը կþապրէր, իսկ ՄԱՐՄԱՐԱ-ն ազդեցիկ ձայնն էր այդ յաղթական պահերուն։

Ան իր գրիչով ձեւաւորեց թերթին յատուկ լրագրական ուղեգիծը՝ այնքան հարազատ մեր համայնքին։ Պաշտելի դարձաւ, որովհետեւ ինքզինք նուիրեց արժէքի մը՝ մեր մայրենիին, որմէ երբեք չշեղեցին իր գրիչն ու իր յատկանշական մտքի ուղղութիւնը։

Մենք՝ իր ժամանակակիցները, անասելի բախտաւոր ենք, որ եղանք ԻՐ գործընկերները, որ աշխատեցանք իր փորձառու հայեացքին ու հայրական հոգածութեան ներքեւ, որ շնչեցինք նոյն բարեկամեցողութեան մթնոլորտին մէջ, որ վայելեցինք ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ մարդու անկրկնելի բարութիւնը։

Այսօր հայ մամուլի ամէն ներկայացուցիչ, գրականութեան սիրահար, ուսանող ու ընթերցող կը խոստովանի, որ մեզմէ հրաժեշտ կþառնէ պոլսահայ նորագոյն գրականութեան վերջին մոհիկանը։

Սիրելի Պարոն Ռոպէր, ՄԱՐՄԱՐԱ-ի իւրաքանչիւր էջը այսօր ողողուած է Ձեր անբացատրելի բացակայութեամբ, բայց միեւնոյն ատեն՝ լուսաւորուած է Ձեր թողած վաստակով։

Ձեր հողը թեթեւ, յիշատակը՝ անթառամ։ Յուշատետր-ի իր սիւնակը՝ իր անձին նման նուրբ, իմաստուն ու սրտաբուխ գրիչով շարադրուած այն անկիւնը, ուր հայ ընթերցողը կը գտնէր մտերմիկ զրոյց, երկխօսութիւն, գրականութիւն ու ճշմարտութիւն։

Պարոն Ռոպէրը միայն խմբագիր չէր։ Ան ուսուցիչ էր՝ բառի ամենաբարձր իմաստով։ Իր գրականութեամբ սերունդներ դաստիարակեց, ոճ ու մտածողութիւն ձեւաւորեց, հաւատք ներշնչեց մեր մշակոյթի, մեր լեզուի, Մեսրոպեան գրի նկատմամբ։

Ան խմբագիր էր, որ խմբագրեց նաեւ իր ընթերցողին միտքը, եւ զայն առաջնորդեց՝ լոյսի, ճշմարտութեան եւ արժէքի ուղղութեամբ։

Այո՛, գրողը կþապրի իր գործով։ Բայց երբ գործը կþանցնի ժամանակի սահմաններէն անդին՝ կը դառնայ կամուրջ, անցեալի աւանդն ու ապագայի յոյսը իրարու կապող միակ կածանը։ Ռոպէր Հատտէճեանի գրիչը այդ կամուրջն էր։ Ան գիտէր ո՛ր բառով խօսիլ սրտերուն, ո՛ր տողով մղել խոկումի կամ սթափեցնել ընթերցողը։

Պարոն Ռոպէրը չքանդեց, այլ կառուցանեց։ Չծածկեց՝ լուսաւորեց։ Խմբագիր-լրագրողի իր հեզակեաց կեցուածքով ջահ դարձաւ ու լոյս վառեց սերունդներուն համար։ Եւ Ռոպէր Հատտէճեանը բախտաւոր էր, որովհետեւ գրեց ու ստեղծագործեց, երբ Պոլսահայութիւնը իր ոսկեդարը կþապրէր, իսկ ՄԱՐՄԱՐԱ-ն ազդեցիկ ձայնն էր այդ յաղթական պահերուն։

Ան իր գրիչով ձեւաւորեց թերթին յատուկ լրագրական ուղեգիծը՝ այնքան հարազատ մեր համայնքին։ Պաշտելի դարձաւ, որովհետեւ ինքզինք նուիրեց արժէքի մը՝ մեր մայրենիին, որմէ երբեք չշեղեցին իր գրիչն ու իր յատկանշական մտքի ուղղութիւնը։

Մենք՝ իր ժամանակակիցները, անասելի բախտաւոր ենք, որ եղանք ԻՐ գործընկերները, որ աշխատեցանք իր փորձառու հայեացքին ու հայրական հոգածութեան ներքեւ, որ շնչեցինք նոյն բարեկամեցողութեան մթնոլորտին մէջ, որ վայելեցինք ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ մարդու անկրկնելի բարութիւնը։

Այսօր հայ մամուլի ամէն ներկայացուցիչ, գրականութեան սիրահար, ուսանող ու ընթերցող կը խոստովանի, որ մեզմէ հրաժեշտ կþառնէ պոլսահայ նորագոյն գրականութեան վերջին մոհիկանը։

Սիրելի Պարոն Ռոպէր, ՄԱՐՄԱՐԱ-ի իւրաքանչիւր էջը այսօր ողողուած է Ձեր անբացատրելի բացակայութեամբ, բայց միեւնոյն ատեն՝ լուսաւորուած է Ձեր թողած վաստակով։

Ձեր հողը թեթեւ, յիշատակը՝ անթառամ։

https://www.facebook.com/photo?fbid=702552912804792&set=a.135021036224652

https://www.normarmara.com/110925lu.html