İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԶԱՆԳԱԿՆԵՐՈՒ ՏԽՈՒՐ ՂՕՂԱՆՋԻ ՏԱԿ…

Կանգնած էինք եկեղեցւոյ լռութեան մէջ՝ տխուր-տրտում ու խոնարհ հոգիով։ Այդ սուրբ վայրէն ներս, որու մասին տարիներ շարունակ գրած էր ՎԱՐՊԵՏԸ, իր հզօր գրիչով։ Այժմ լուռ էր ան, բայց այնքա՜ն կենդանի՝ մեր միտքերու, մեր յիշողութեան մէջ։

Ցաւ ի սիրտ կը նայէի անշունչ մարմինը գրկած դագաղին, ինքզինքս համոզելով որ հաշտ էր մահուան գաղափարի հետ։ Որպէս փիլիսոփայ, տարիներու փորձառութեամբ ու կեանքը նաեւ «վերէն» դիտող անձ, ընդունած էր պարզ ճշմարտութիւնը որ ամէն սկիզբ ունի նաեւ իր վերջակէտը։

Շարականները կ’երգուէին ու աչքերուս առջեւէն կը սահէր միակ պատկեր մը։ Յիշողութեանս մէջ դաճուած էր 5 Հոկտեմբեր 2018 թուականը։ Ազնաւուրի յուղարկաւորութիւնն էր։ Երկուքս միասին նստած էինք համակարգիչի պաստառին դիմաց։ Երբ հնչեց «Տլէ եամանը», բան մը փլաւ ՎԱՐՊԵՏի սրտին մէջ։ Փղձկաց, գլուխը առաւ ձեռքերուն մէջ ու լուռ հեծկլտաց։ Մեծութեան առջեւ խոնարհեցաւ՝ ՄԵԾ մարդու պէս։ Կամացուկ մը հեռացայ, զինքը թողլով իր ապրումներուն մէջ։ Յետոյ երբ այլեւս խմբագրատուն չէր գար, ա՛յդ տեսարանը միշտ ինծի հետ էր։

Շարականները կ’երգուէին ու տարօրինակ հարց մըն ալ կը չարչրկէր սիրտս։ Այդքան տարի միասին աշխատեցանք, բայց երբեք չհարցուցի թէ կ’ուզէ՞ր արդեօք աղջիկ զաւակ մը ունենալ։ Հատտէճեան ընտանիքի երկու սերունդները միայն որդիներ ունեցած էին ու միայն երրորդ սերունդի պարագային աղջիկ ծոռներ լոյս աշխարհ եկան, իրենց ներկայութեամբ նոր զգացումներ արթնցնելով ընտանիքէն ներս։

Յուղարկաւորութեան ընթացքին, խորհեցայ որ մենք՝ ՄԱՐՄԱՐԱ-ի բոլոր կին աշխատակիցները, թերթի հաւատարիմ բարեկամուհիները ի՛ր «աղջիկները», իր «քոյրեր»ը եղանք։ Կողք-կողքի էինք տարիներ շարունակ, իսկ երէկ, աղջիկ զաւկի, քրոջ պէս «հօր», «եղբօր» համար կուլայինք, խոնարհ, յուզուած ու երախտապարտ կը քալէինք դագաղի ետեւէն։

Ն. Ս.

https://www.normarmara.com/110925lu.html