Մեր փոխխմբագիր Նաիրա Սիւզմէ կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Հայաստանի մայրաքաղաքը այս օրերուն մշակութային եռուզեռի մէջ է, ամէն տեղ, ամէն անկիւն վերածուած է միջոցառումներու հանգոյցի, ուր համերգներ, մարզական կամ ընկերային ձեռնարկներ կը գրաւեն զբօսաշրջիկներու կամ տեղաբնակներու ուշադրութիւնը։
Կան նաեւ «աւանդական» ծրագիրներ, որոնք ամառնային եղանակին հայրենի երկնքի տակ կը համախմբեն սփիւռքահայերը։ Այդպիսի «արմատական» ու «կայացած» ծրագիր մըն է Սփիւռքի ուսուցիչներու վերապատրաստութեան դասընթացքը, որ կ’իրականանայ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի ու Գիտութեան Նախարարութեան հովանիին ներքեւ։
Մեր ընթերցողներուն ծանօթ է որ գրեթէ 10 անգամ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանը ու յատկապէս «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնն է որ ստանձնած էին դասընթացքներու կազմակերպումը, օգտաշատ եւ արդիւնաւէտ հարթակ մը տրամադրելով վերապատրաստութեան համար։ Այս տարի Մանկավարժական համալսարանը չէր մասնակցած մրցումին, դասընթացքներու կազմակերպութիւնը ստանձնած է «Աութսորս» ընկերութիւնը, որ մասնագիտացած է միջոցառումներու կազմակերպման գործի մէջ։
Օրին գրած էինք որ դասընթացքներուն կը մասնակցին Պոլիսէն կրթական հինգ մշակներ՝ Հերա Իսքէնտէրօղլու, Ժպիտ Գալայճը, Սելին Չաւուշօղլու, Այլին Քէշիշեան եւ Միրելլա Կիւլէր։
Օգտուելով առիթէն, փափաքեցայ տեսակցութիւն մը ունենալ մերիններու հետ, անոնց հետ մէկտեղուիլ եւ խօսիլ դասընթացքի շուրջ իրենց տպաւորութիւններու մասին։ Ճիշդն ըսելու համար խանդավառ տրամադրութեամբ գացի «Շիրակ» պանդոկ, ուր իջեւանած են դասընթացքի մասնակիցները։ Ինքզինքս պատրաստած էի լաւ լուրերու, նոր բարեկամութիւններու, վերապատրաստութեան դասերէն ստացած գիտելիքներու մասին լուրերու։ Բայց…։ Բոլորն ալ յուսախաբ եղած էին, աւելի ճիշդ ըսելու համար հիասթափուած կազմակերպչական լուրջ բացթողումներէն։
Դասընթացքները անջատ խումբերով կ’ընթանան Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան դպրոցին մէջ։ Մերիններէն Տիկին Հերան ընտրած է հայկական մշակոյթի բաժինը, Սելինը, Ժպիտն ու Միրելլան՝ մանկապարտիզպանութեան ուսուցիչներու համար նախատեսուած բաժինը, իսկ Այլին Քէշիշեան՝ երգ ու պարի բաժինը։ Կրնանք ըսել որ միայն Այլինի բախտը բերած է, իր դասերը հիանալի կ’անցնին, ուսուցիչները մօտէն կը հետաքրքրուին, իրենց ձեռքէն եկած ամէն բանը կ’ընեն լաւագոյնը մատուցելու համար։
Գալով միւսներուն, նոյնը չէ պարագան ու ընդհանրապէս ուսուցիչները չեն խնդիրը։ Կազմակերպչական բացթողումներ կան։ Ինչպէս իրենք նշեցին, ծրագիր մը չէ տրուած իրենց։ Երեք շաբաթ շարունակ չգիտցան թէ շաբթուայ ընթացքին ի՞նչպիսի աշխատութիւններ պիտի տարուին, դասերուն ո՞վ պիտի գայ, ո՞վ պիտի դասաւանդէ, որ ժամուն ի՞նչ պիտի ըլլայ, եւայլն։ Դասերէն դուրս տեսարժան վայրեր այցելութեան գծով ալ խնդիրներ կը ծագին։ Այո՛, եթէ ամբողջական ծրագիր մը պատրաստուած եւ յանձնուած ըլլար իրենց, եւ քանի մը փոփոխութիւններ ըլլային, ատիկա ներելի եւ հասկնալի էր, բայց անընդհատ փոփոխութիւններ կ’ըլլան եւ կարելի չէ տարբեր նախաձեռնութիւն մը ունենալ։
Մանկապարտիզպանութեան դասերուն մասնակից ուսուցչուհիները ըսին որ իրենք դիմած էին գոնէ երգ ու պարի խումբի դասերուն ալ մասնակցելու համար, բայց այդպիսի կարգադրութիւն մը անկարելի եղած է։ «Ի վերջոյ, ծանօթ է որ մեր վարժարաններու մէջ մանկապարտիզպանուհիները թէ՛ դաս կը սորվեցնեն, թէ՛ երգ ու պար, այսինքն ամէն ինչ, ուստի հոս ալ այդպիսի ակնկալութիւն մը ունէինք, բայց մեր սպասածը չեղաւ», ըսին ուսուցչուհիները։
Բողոք կամ գանգատ չէր իրենցը, այլ շինիչ քննադատութիւն, որովհետեւ իսկապէս պակասներ կային։ Մասնակիցներու միջեւ կան ռուսախօս ուսուցիչներ եւ նախընտրելի պիտի ըլլար որ անոնց համար անջատ խումբեր եւ դասաւանդութիւններ կազմակերպուէին, իսկ աւանդական Սփիւռքէն եկածներուն համար այլ ծրագիր մը որդեգրուէր։ Արեւմտահայերէնով դասաւանդութիւն մը բնաւ չէ եղած։ Հիմա հասած են վերջին շաբթուան ու նոյնիսկ հիմա ալ չէին գիտեր թէ ի՞նչպիսի ծրագիրներ պիտի կիրարկուէին։ Այսինքն միշտ անորոշութիւն մը կար ու եղաւ։
Իրենց հետ է նաեւ փոքրիկ Նարէն (Ժպիտ Գալայճըի դուստրը) որ մեծ համբերատարութեամբ, առանց «ծպտուն հանելու» կը մասնակցի դասերուն։
Ասոնք էին ուսուցիչներուն «ցաւեր»ը, բայց կար նաեւ Հայաստանի մէջ օրեր անցընելու ոգեւորութիւնը։ Հակառակ դասընթացքի հետ կապուած խնդիրներէն, անոնց Երեւանեան օրերու միւս ժամերը կ’արդիւնաւորուին այցելութիւններով ու հանդիպումներով։ Երախտապարտ էին դերասան Արամ Կոստանեանին, որ զիրենք երկու անգամ ներկայացման հրաւիրած էր, գոհ էին այլ այցելութիւններէն, որոնք «գոյն» տուած էին իրենց կեցութեան օրերուն։
«Հասկցանք որ Պոլսոյ մէջ մեր աշխատութիւնները, մեր պատրաստութեան մակարդակը իսկապէս ներկայանալի է եւ կրնանք ճակատաբաց ամէն տեղ հանդէս գալ», ըսին ուսուցչուհիները։
Բաժնուեցանք խմբանկարով ու լաւ առիթներով տեսնուելու բարեմաղթանքներով։
https://www.facebook.com/photo/?fbid=662537626806321&set=a.135021036224652

