ԻՒՆԷՍՔՕ Փարիզի մէջ գումարեց համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 47-րդ նստաշրջանը, որու ընթացքին քննարկուեցան եւ հաւանութեան արժանացան Հայաստանի կողմէ ներկայացուած 2 դիմումներ. «Երեւանի ուրարտական ժառանգութիւնը», «Գառնի հնագիտական համալիրը եւ Քարերու սենֆոնի»ն՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան սկզբնական ցանկին մէջ ընդգրկելու վերաբերեալ։
Լուրը հաղորդեց ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը։ Դիմումները պատրաստուած են Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան համակարգումով եւ պատուէրով՝ «Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կեդրոն», «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն»ներու կողմէ՝ համապատասխան գիտնականներու ներգրաւումով։
Նստաշրջանը կ’ընթանայ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ։ ՀՀ պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Արամ Յակոբեանը։ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն նստաշրջանին կը մասնակցի Պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան պետ Յարութիւն Վանեան՝ որպէս 1972 թուականի համաձայնագրի համակարգող։
Նշենք, որ «Երեւանի ուրարտական ժառանգութիւնը» եւ Կոտայքի մարզի «Գառնի հնագիտական համալիրը եւ Քարերու սէնֆոնի»ն ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան սկզբնական ցանկին մէջ Հայաստանի կողմէ արձանագրուած 6-րդ եւ 7-րդ դիմումներն են։
Առաջին 4-ը արձանագրուած են 1995 թուականին. ատոնք են՝ Դուին քաղաքի հնավայրը, Երերոյքի տաճարը եւ հնավայրը, Նորավանքը եւ Ամաղու գետի վերին հովիտը, Տաթեւի վանքը, Տաթեւի անապատը եւ Որոտան գետի հովտի յարակից տարածքները, 5-րդը՝ 2024 թուականին՝ Տիրինկատար հնավայրի վիշապաքարերը եւ մշակութային տեղամասը։
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան հիմնական ցանկին մէջ Հայաստանէն արձանագրուած են Սանահինի եւ Հաղպատի վանքերը, Էջմիածնի Մայր տաճարը, եկեղեցիները եւ Զուարթնոց հնավայրը, Գեղարդի վանքը եւ Ազատ գետի վերին հովիտը։
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան սկզբնական ցանկին մէջ յուշարձանի արձանագրութիւնը պարտադիր եւ սկզբնական պայման է՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ նոր յուշարձաններ արձանագրելու համար։ Այս ուղղութեամբ աշխատանքը շարունակական է։
https://www.facebook.com/photo?fbid=655021207557963&set=a.135021036224652

