İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Բանասէր դոկտ. Սեւան Տէյիրմենճեան վերջերս հանդէս եկաւ առցանց դասախօսութեամբ մը՝ ուղղեալ Համազգայինի հայերէնագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներու եւ ուսուցչութեան պատրաստուող ուսանողներու ծրագրի մասնակիցներուն։

Դասախօսութեան նիւթն էր գրաբարէն աւանդուած եւ արդի հայերէնի մէջ գործածական քերականական ձեւերն ու բառապաշարային տարրերը։

Հնարաւորինս երկխօսային դասաւանդութեան ընթացքին, դասախօսը անդրադարձաւ գրաբարեան հնագոյն նմոյշներուն, մանաւանդ ԺԹ դարու ու զայն կանխող շրջանի գրաբարէ աշխարհաբար փոխանցման փուլին, հասնելու համար գրաբարեան քարացած բառաձեւերու, բառակազմական, ձեւաբանական-շարահիւսական կանոններու այժմու վիճակին։

Երկու ժամ տեւած դասախօսութեան աւարտին ծրագրի մասնակիցները նոր գիտելիքներով հարստացած ու շնորհակալութեամբ հրաժեշտ տուին Տէյիրմենճեանի։

https://www.facebook.com/photo/?fbid=654282944298456&set=a.135021036224652